ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (66)
66.- ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԲԱՆԱԿԸ ՊԵՂՈՊՈՆԷՍ ԿԸ ՆԵՐԽՈՒԺԷ
Տեղեկութիւն չունինք թէ Մխիթար նամակագրութեամբ կապ հաստատած ըլլայ Մեթոնի եղբայրակիցներուն հետ, հաղորդելու համար իրենց բարեյաջող ճամբորդութեան, Վենետիկ հաստատուելու եւ առօրեան կազմակերպելու տեղեկութիւնները։ Սակայն ժամանակագրութեան էջերէն կը հասկնանք որ Մխիթար Մեթոնի միաբաններէն լուր չունէր, եւ շատ անգամ իրարամերժ տեղեկութիւններ կը հասնէին։ Կարելի է ենթադրել որ պատերազմական դրութիւնը չէր թոյլատրեր հաղորդակցութեան մէջ մտնել արտաքին աշխարհին հետ։
Մխիթարի մեկնելուն երեք ամիս անցած էր երբ Մեթոնի փողոցներուն մէջ լուրը կը շրջի թէ՝ օսմանեան նաւատորմիղը յարձակած էր Վենետիկի Հասարակապետութեան տիրապետութեան տակ գտնուող Պեղոպոնէսի արեւելեան կղզիներուն վրայ։
Ծովակալ Ճանըմ Հոճա Մէհմէտ Փաշան 5 Յունիս 1715ին յարձակած էր Թինոս կղզիին վրայ օսմանեան կայսրութեան նաւատորմի անթիւ անհամար զօրքով։ Իր հրամանին տակ 120է աւելի ռազմանաւ ունէր. 58 առագաստանաւ, 5 հրանաւ, 30 ցռկանաւ, 60 մարտանաւ եւ բազմաթիւ փոխադրանաւեր։
Պատմութենէն կը տեղեկանանք, որ Թինոս կղզիի կառավարիչը՝ Բարթոլոմէոյ Պոպպի եւ զօրապետը՝ Պեռնարդոյ Պալպի պաշարումէն երկու օր ետք, տեսնելով որ թշնամին անհամեմատ բազմաթեամբ վրայ հասած էր՝ առանց պատերազմելու կը վճռեն անձնատուր ըլլալ։ Ամբողջ բերդապահ զօրքը, շուրջ 3000 հոգի, կը գերեվարուի Նէապոլիս եւ օսմանեան նաւատորմը Թինոսի պաշտպանական ամրոցներն ու աշտարակները քանդելէ ետք կը նաւարկէ դէպի հիւսիս՝ պաշարելու համար Այկիայ կղզին, որու կառավարիչը՝ Ֆրանչեսքոյ Պէմպոն անձնատուր կ՚ըլլայ 7 Յունիս 1715ին։ Այսպէս Եգէական ծովու կղզիները բոլորովին օսմանեան տիրապետութեան տակ կ՚անցնէին։ Նաւատորմը հեզասահ կը հասնի եւ ծովէն կը պաշարէ Նէապոլիսը։
Ցամաքի ճամբով Պեղոպոնէսի գլխաւոր ամրակուռ բերդաքաղաքի դռներուն կը հասնի նաեւ փոխարքան, սուլթանի մեծ վէզիրը՝ Սիլահտար Տամատ Ալի փաշան 80000 ձիաւոր եւ հետեւակ բանակով, օժանդակ ջոկատներով, հրոսախումբերով եւ գերեվաճառներով։ Նէապոլիս մայրաքաղաքին մէջ Պեղոպոնէսի Ընդհանուր Կառավարիչը՝ Ալեսսանդրոյ Պոն հազիւ երկու հազար կանոնաւոր բանակ եւ հազար կամաւոր զինուոր ունէր, իսկ բնիկ յոյն ժողովուրդը սուլթանի վրէժխնդրութենէն սարսափած՝ օգնութեան չէին եկած։ Յարձակումը կը սկսի 1715ի Յուլիս 12ին։ Նէապոլիսի բարձրաբերձ եւ հաստահիմն պարիսպներու եւ աշտարակներու ամրութեան վստահացած վենետկեցիները կը դիմադրեն յուսալով իրենց նաւատորմի օժանդակութեան, որ չի ժամաներ։ Տանիէլէ Ճիռոլամոյ Դոլֆին ծովակալը, իր հրամանատարութեան տակ միայն 67 նաւ ունէր եւ կը նախընտրէ գոնէ յոնիական ծովու տիրապետութիւնը ապահովել։ Այսպէս Յուլիս 20ին օսմանեան ռմբակոծման տարափին տակ Նէապոլիսը կ՚իյնայ եւ Տամատ Ալի փաշայ հրաման կ՚արձակէ զօրականները եւ ժողովուրդը անխնայ սուրէ անցընել։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.