2026.02.10 L'Abbate Mkhitar

ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (66)

Մխիթար Աբբահօր ծննդեան 350րդ Յոբելեան - Հաղորդաշարը պատրաստեց Մխիթարեան միաբանութեան ուխտէն՝ Հ. Սերոբ Վրդ. Չամուրլեան

66.- ՕՍ­ՄԱ­ՆԵԱՆ ԲԱ­ՆԱ­ԿԸ ՊԵ­ՂՈ­ՊՈ­ՆԷՍ ԿԸ ՆԵՐ­ԽՈՒ­ԺԷ

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

­Տե­ղե­կու­թիւն չու­նինք թէ Մխի­թար նա­մա­կագ­րու­թեամբ կապ հաս­տա­տած ըլ­լայ Մե­թո­նի եղ­բայ­րա­կից­նե­րուն հետ, հա­ղոր­դե­լու հա­մար իրենց բա­րե­յա­ջող ճամ­բոր­դու­թեան, Վե­նե­տիկ հաս­տա­տուե­լու եւ առօ­րեան կազ­մա­կեր­պե­լու տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը։ Սա­կայն ժա­մա­նա­կագ­րու­թեան էջե­րէն կը հասկ­նանք որ Մխի­թար Մե­թո­նի միաբան­նե­րէն լուր չու­նէր, եւ շատ ան­գամ իրա­րա­մերժ տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը հաս­նէին։ Կա­րե­լի է են­թադ­րել որ պա­տե­րազ­մա­կան դրու­թիւ­նը չէր թոյ­լատ­րեր հա­ղոր­դակ­ցու­թեան մէջ մտ­նել ար­տա­քին աշ­խար­հին հետ։

Մ­խի­թա­րի մեկ­նե­լուն երեք ամիս ան­ցած էր երբ Մե­թո­նի փո­ղոց­նե­րուն մէջ լու­րը կը շր­ջի թէ՝ օս­մա­նեան նա­ւա­տոր­մի­ղը յար­ձա­կած էր Վե­նե­տի­կի Հա­սա­րա­կա­պե­տու­թեան տի­րա­պե­տու­թեան տակ գտ­նուող Պե­ղո­պո­նէ­սի արե­ւե­լեան կղ­զի­նե­րուն վրայ։

­Ծո­վա­կալ Ճա­նըմ Հո­ճա Մէհ­մէտ Փա­շան 5 Յու­նիս 171­5ին յար­ձա­կած էր Թի­նոս կղ­զիին վրայ օս­մա­նեան կայս­րու­թեան նա­ւա­տոր­մի ան­թիւ ան­հա­մար զօր­քով։ Իր հրա­մա­նին տակ 12­0է աւե­լի ռազ­մա­նաւ ու­նէր. 58 առա­գաս­տա­նաւ, 5 հրա­նաւ, 30 ցռ­կա­նաւ, 60 մար­տա­նաւ եւ բազ­մա­թիւ փո­խադ­րա­նա­ւեր։

­Պատ­մու­թե­նէն կը տե­ղե­կա­նանք, որ Թի­նոս կղ­զիի կա­ռա­վա­րի­չը՝ Բար­թո­լո­մէոյ Պոպ­պի եւ զօրապետը՝ Պեռ­նար­դոյ Պալ­պի պա­շա­րու­մէն եր­կու օր ետք, տես­նե­լով որ թշ­նա­մին անհամեմատ բազմաթեամբ վրայ հասած էր՝ առանց պա­տե­րազ­մե­լու կը վճ­ռեն ան­ձնա­տուր ըլ­լալ։ Ամ­բողջ բեր­դա­պահ զօր­քը, շուրջ 3000 հո­գի, կը գե­րե­վա­րուի Նէապո­լիս եւ օս­մա­նեան նա­ւա­տոր­մը Թի­նո­սի պաշտ­պա­նա­կան ամ­րոց­ներն ու աշ­տա­րակ­նե­րը քանդե­լէ ետք կը նա­ւար­կէ դէ­պի հիւ­սիս՝ պա­շա­րե­լու հա­մար Այ­կիայ կղ­զին, որու կա­ռա­վա­րի­չը՝ Ֆրան­չես­քոյ Պէմ­պոն ան­ձնա­տուր կ՚ըլ­լայ 7 Յու­նիս 171­5ին։ Այս­պէս Եգէական ծո­վու կղ­զի­նե­րը բո­լո­րո­վին օս­մա­նեան տի­րա­պե­տու­թեան տակ կ՚անց­նէին։ Նա­ւա­տոր­մը հե­զա­սահ կը հաս­նի եւ ծո­վէն կը պա­շա­րէ Նէապո­լի­սը։

­Ցա­մա­քի ճամ­բով Պե­ղո­պո­նէ­սի գլ­խա­ւոր ամ­րա­կուռ բեր­դա­քա­ղա­քի դռ­նե­րուն կը հաս­նի նաեւ փո­խար­քան, սուլ­թա­նի մեծ վէ­զի­րը՝ Սի­լահ­տար Տա­մատ Ալի փա­շան 80000 ձիաւոր եւ հե­տե­ւակ բա­նա­կով, օժան­դակ ջո­կատ­նե­րով, հրո­սա­խում­բե­րով եւ գե­րե­վա­ճառ­նե­րով։ Նէապո­լիս մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ Պե­ղո­պո­նէ­սի Ընդ­հա­նուր Կա­ռա­վա­րի­չը՝ Ալես­սանդ­րոյ Պոն հա­զիւ եր­կու հա­զար կա­նո­նա­ւոր բա­նակ եւ հա­զար կա­մա­ւոր զի­նուոր ու­նէր, իսկ բնիկ յոյն ժո­ղո­վուր­դը սուլ­թա­նի վրէժխնդ­րու­թե­նէն սար­սա­փած՝ օգ­նու­թեան չէին եկած։ Յար­ձա­կու­մը կը սկ­սի 171­5ի Յու­լիս 12ին։ Նէապո­լի­սի բարձ­րա­բերձ եւ հաս­տա­հիմն պա­րիսպ­նե­րու եւ աշ­տա­րակ­նե­րու ամ­րու­թեան վս­տա­հա­ցած վե­նետ­կե­ցի­նե­րը կը դի­մադ­րեն յու­սա­լով իրենց նա­ւա­տոր­մի օժան­դա­կու­թեան, որ չի ժա­մա­ներ։ Տա­նիէլէ Ճի­ռո­լա­մոյ Դոլ­ֆին ծո­վա­կա­լը, իր հրա­մա­նա­տա­րու­թեան տակ միայն 67 նաւ ու­նէր եւ կը նա­խընտ­րէ գո­նէ յո­նիական ծո­վու տի­րա­պե­տու­թիւ­նը ապա­հո­վել։ Այս­պէս Յու­լիս 20ին օս­մա­նեան ռմ­բա­կոծ­ման տա­րա­փին տակ Նէապո­լի­սը կ՚իյ­նայ եւ Տա­մատ Ալի փա­շայ հրա­ման կ՚ար­ձա­կէ զօ­րա­կան­նե­րը եւ ժո­ղո­վուր­դը ան­խնայ սու­րէ ան­ցը­նել։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

18/06/2026, 08:02