Որոնել

2026.02.10 L'Abbate Mkhitar

ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (63)

Մխիթար Աբբահօր ծննդեան 350-րդ Յոբելեան - Հաղորդաշարը պատրաստեց Մխիթարեան միաբանութեան ուխտէն՝ Հ. Սերոբ Վրդ. Չամուրլեան

63.- ՄԽԻ­ԹԱ­Ր ԵՒ ԱՇԱ­ԿԵՐՏ­ՆԵ­ՐԸ ՏՈՒՆ ՎԱՐ­ՁԵ­ԼՈՎ ԿԸ ԲՆԱ­ԿԻՆ ՎԵ­ՆԵ­ՏԻԿ

 

Ունկնդրէ լուրը

Ապ­րիլ ամ­սուան սկիզ­բը Մխի­թար եւ իր աշա­կերտ­նե­րը նա­ւէն իջ­նե­լով քա­ռաս­նօ­րեայ պար­տա­դիր մե­կու­սաց­ման շր­ջա­նը ան­ցը­նե­լու հա­մար՝ տե­ղա­ւո­րուած էին ար­գե­լա­րա­նի կղ­զիին մէջ։ Թէ՛ աշ­խար­հա­կան եւ թէ՛ հո­գե­ւո­րա­կան ծա­նօթ­ներ ու բա­րե­կամ­ներ այ­ցե­լու­թեան կու գային, որոնց մէջ էր Մխի­թար Աբ­բա­հօր վա­ղե­մի բա­րե­կա­մը՝ Խա­չա­տուր Վար­դա­պետ Էրզ­րում­ցին, Վե­նե­տի­կի Ս. Խաչ եկե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վի­ւը։ Կոս­տանդ­նու­պոլ­սե­ցի Գէոր­գը սերտ մտեր­մու­թիւն եւ սէր կը ցու­ցա­բե­րէ Մխի­թա­րի հան­դէպ. ստէպ կ՚այ­ցե­լէր եւ կը հո­գար անոնց կա­րիք­նե­րը, կը տե­ղե­կաց­նէր քա­ղա­քի կարգ ու սար­քին, ապ­րե­լաո­ճին եւ սո­վո­րոյթ­նե­րուն մա­սին,  ինչ­պէս նաեւ հայ վա­ճա­ռա­կան­նե­րու կեն­ցա­ղը, սո­վո­րոյթ­նե­րը, Հայ Տան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը եւ վե­նե­տաբ­նակ հայե­րու փա­փաք­ներն ու վա­խե­րը կը պատ­մէր։

Մ­խի­թար Աբ­բա­հայր դի­մե­լով Գէոր­գին՝ կը յա­ջո­ղի իր մի­ջո­ցով գտ­նել եւ վար­ձա­կա­լել Սան Մար­տի­նոյ եկե­ղե­ցիին կից եր­կյար­կա­նի տուն մը։ Երկ­րորդ յար­կը չորս ըն­դար­ձակ սե­նեակ ու­նէր, առա­ջին յար­կը երեք սե­նեակ եւ խո­հա­նոց մը, իսկ գետ­նա­յար­կը ու­նէր երեք սե­նեակ եւ նաեւ ջր­հոր մը. բո­լոր յար­մա­րու­թիւն­նե­րով օժ­տուած էր։ Տա­րե­կան 72 տու­գաթ պա­հան­ջած էր տան­տէ­րը, որ ձեռն­տու գու­մար մըն էր բաղ­դա­տե­լով կրակ սղու­թեան որ կը տի­րէր այդ բազ­մա­մարդ եւ վա­ճա­ռա­շահ քա­ղա­քին մէջ։­

Երբ Մայիս 12ին աւար­տե­լով իրենց ար­գե­լա­րա­նի շր­ջա­նը՝ վեր­ջա­պէս դուրս կ՚ել­լեն «Լած­ծա­րէթ­թոյ Նուո­վոյ­»էն։ Թիերու ամա­նա­կա­ւոր հա­րուած­նե­րով առա­ջա­ցող դան­դա­ղա­շարժ մա­կոյ­կով՝ Վե­նե­տի­կի ջրանցք­նե­րուն մէ­ջէն ան­ցնե­լով, կը հաս­նին Սան Մար­տի­նոյ եկե­ղե­ցիի դի­մաց փոք­րիկ հրա­պա­րա­կը։ Ու­րա­խու­թեամբ դուրս կը ցատ­կին նա­ւա­կէն եւ ապ­րանք­նե­րը կը դա­տար­կեն։ Վս­տա­հա­բար, տե­ղա­ւո­րուե­լէ առաջ Մխի­թար Աբ­բա­հայր իր աշա­կերտ­նե­րով եկե­ղե­ցի կը մտ­նէ, Աս­տու­ծոյ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լու հա­մար, որ զի­րենք ողջ առողջ հաս­ցու­ցած էր այս քրիս­տո­նեայ հա­սա­րա­կա­պե­տու­թեան մայ­րա­քա­ղա­քը, ուր այ­լեւս թշ­նա­մի­նե­րու յար­ձա­կում­նե­րէն ապա­հով կր­նային ապ­րիլ, քա­նի որ Վե­նե­տի­կը հռ­չա­կա­ւոր էր այ­նու որ, մին­չեւ այդ օրը, եր­բեք ո՛չ մէկ թշ­նա­մի կր­ցած էր նուա­ճել Ադ­րիակա­նի թա­գու­հին։

Մ­խի­թար իր աշա­կերտ­նե­րուն հետ միասին կը դա­սա­ւո­րէ իրենց հե­տ բե­րած ապ­րանք­նե­րը։ Բա­րե­բախ­տա­բար իւ­րա­քան­չիւ­րը իր խշ­տիկն ու­նէր՝ որու վրայ քնա­նար։ Սա­կայն շատ մը կահ կա­րա­սի կը պակ­սէր տան մէջ։ Իրենց զգեստ­ներն ալ փո­խե­լու կա­րի­քը կը զգան, որով­հե­տեւ, ինչ­պէս կը գրէ ժա­մա­նա­կա­գի­րը՝ «հո­ղա­թա­փե­րու, գուլ­պա­նե­րու, եւ գլ­խար­կի ձե­ւը որ Մե­թո­նի մէջ ու­նէինք՝ այս երկ­րի սո­վո­րու­թեան չէին հա­մա­պա­տաս­խա­ներ, այն­պէս որ պատ­շաճ չէր կրել զա­նոնք։ Ուս­տի մէկ­դի դնե­լով՝ անոնց փո­խա­րէն ու­րիշ­նե­րը գնե­ցինք» (1715 §8)։ Այս բո­լոր ծախ­սե­րը դի­մագ­րա­ւե­լով՝ Մխի­թա­րի ու­նե­ցած դրա­մը կը հատ­նի եւ կը ստի­պուի փոխ առ­նել եւ պարտ­քի տակ մտ­նել։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/05/2026, 08:02