ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (63)
63.- ՄԽԻԹԱՐ ԵՒ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ՏՈՒՆ ՎԱՐՁԵԼՈՎ ԿԸ ԲՆԱԿԻՆ ՎԵՆԵՏԻԿ
Ապրիլ ամսուան սկիզբը Մխիթար եւ իր աշակերտները նաւէն իջնելով քառասնօրեայ պարտադիր մեկուսացման շրջանը անցընելու համար՝ տեղաւորուած էին արգելարանի կղզիին մէջ։ Թէ՛ աշխարհական եւ թէ՛ հոգեւորական ծանօթներ ու բարեկամներ այցելութեան կու գային, որոնց մէջ էր Մխիթար Աբբահօր վաղեմի բարեկամը՝ Խաչատուր Վարդապետ Էրզրումցին, Վենետիկի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը։ Կոստանդնուպոլսեցի Գէորգը սերտ մտերմութիւն եւ սէր կը ցուցաբերէ Մխիթարի հանդէպ. ստէպ կ՚այցելէր եւ կը հոգար անոնց կարիքները, կը տեղեկացնէր քաղաքի կարգ ու սարքին, ապրելաոճին եւ սովորոյթներուն մասին, ինչպէս նաեւ հայ վաճառականներու կենցաղը, սովորոյթները, Հայ Տան կազմակերպութիւնը եւ վենետաբնակ հայերու փափաքներն ու վախերը կը պատմէր։
Մխիթար Աբբահայր դիմելով Գէորգին՝ կը յաջողի իր միջոցով գտնել եւ վարձակալել Սան Մարտինոյ եկեղեցիին կից երկյարկանի տուն մը։ Երկրորդ յարկը չորս ընդարձակ սենեակ ունէր, առաջին յարկը երեք սենեակ եւ խոհանոց մը, իսկ գետնայարկը ունէր երեք սենեակ եւ նաեւ ջրհոր մը. բոլոր յարմարութիւններով օժտուած էր։ Տարեկան 72 տուգաթ պահանջած էր տանտէրը, որ ձեռնտու գումար մըն էր բաղդատելով կրակ սղութեան որ կը տիրէր այդ բազմամարդ եւ վաճառաշահ քաղաքին մէջ։
Երբ Մայիս 12ին աւարտելով իրենց արգելարանի շրջանը՝ վերջապէս դուրս կ՚ելլեն «Լածծարէթթոյ Նուովոյ»էն։ Թիերու ամանակաւոր հարուածներով առաջացող դանդաղաշարժ մակոյկով՝ Վենետիկի ջրանցքներուն մէջէն անցնելով, կը հասնին Սան Մարտինոյ եկեղեցիի դիմաց փոքրիկ հրապարակը։ Ուրախութեամբ դուրս կը ցատկին նաւակէն եւ ապրանքները կը դատարկեն։ Վստահաբար, տեղաւորուելէ առաջ Մխիթար Աբբահայր իր աշակերտներով եկեղեցի կը մտնէ, Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնելու համար, որ զիրենք ողջ առողջ հասցուցած էր այս քրիստոնեայ հասարակապետութեան մայրաքաղաքը, ուր այլեւս թշնամիներու յարձակումներէն ապահով կրնային ապրիլ, քանի որ Վենետիկը հռչակաւոր էր այնու որ, մինչեւ այդ օրը, երբեք ո՛չ մէկ թշնամի կրցած էր նուաճել Ադրիականի թագուհին։
Մխիթար իր աշակերտներուն հետ միասին կը դասաւորէ իրենց հետ բերած ապրանքները։ Բարեբախտաբար իւրաքանչիւրը իր խշտիկն ունէր՝ որու վրայ քնանար։ Սակայն շատ մը կահ կարասի կը պակսէր տան մէջ։ Իրենց զգեստներն ալ փոխելու կարիքը կը զգան, որովհետեւ, ինչպէս կը գրէ ժամանակագիրը՝ «հողաթափերու, գուլպաներու, եւ գլխարկի ձեւը որ Մեթոնի մէջ ունէինք՝ այս երկրի սովորութեան չէին համապատասխաներ, այնպէս որ պատշաճ չէր կրել զանոնք։ Ուստի մէկդի դնելով՝ անոնց փոխարէն ուրիշները գնեցինք» (1715 §8)։ Այս բոլոր ծախսերը դիմագրաւելով՝ Մխիթարի ունեցած դրամը կը հատնի եւ կը ստիպուի փոխ առնել եւ պարտքի տակ մտնել։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ