Եկեղեցական տուեալներու Պատկերը Ափրիկէի Մէջ. Ալճերիայէն մինչեւ Անկոլա
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ի տես Լեւոն ԺԴ. Պապին Ալճերիա Քամերուն, Անկոլա եւ Հասարակածային Կուինէա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան, լոյս կ՝ընծայենք Ափրիկէի յիշեալ չորս երկիրներու վերջին վիճակագրական տուեալները՝ 31 դեկտեմբեր 2024-ի դրութեամբ, որոնք կը վերաբերին կաթողիկէ եկեղեցւոյ կառոյցին եւ առաքելութեան։
Ժողովրդագրութիւն եւ Հաւատացեալներու թիւ
Անկոլան կը հանդիսանայ տարածաշրջանի կաթողիկէութեան ամենաամուր յենարաններէն մէկը, ուր բնակչութեան աւելի քան 57%-ը (շուրջ 20.3 միլիոն հոգի) կաթողիկէ է: Միւս կողմէ, Հասարակածային Կուինէան ունի ամենաբարձր համեմատութիւնը՝ բնակչութեան 74.7%-ը կը դաւանի կաթողիկէութիւն: Ի հակադրութիւն այս պատկերին, Ալճերիոյ մէջ եկեղեցին ունի խիստ սահմանափակ ներկայութիւն՝ ընդամէնը 9,000 հաւատացեալով, որ կը կազմէ բնակչութեան չնչին մէկ տոկոսը (0.02%):
Հովուական ծառայութիւն եւ մարդուժ
Հովուական բեռի տեսանկիւնէն, Անկոլայի մէջ իւրաքանչիւր քահանայ կը սպասարկէ միջին հաշուով 13,441 կաթողիկէի, որ բաւական ծանր թիւ մըն է՝ համեմատած Քամերունի (2,516) կամ Ալճերիոյ (146) հետ: Այսուհանդերձ, ապագայի յոյսերը վառ են. Անկոլայի եւ Քամերունի մէջ նորընծաներու թիւը կը գերազանցէ 2,000-ը իւրաքանչիւրին մէջ, ինչ որ կը հաստատէ տեղական կոչումներու աճը:
Կրթական եւ ընկերային առաքելութիւն
Եկեղեցւոյ դերը լոկ հոգեւոր չէ. անիկա առանցքային դերակատարութիւն ունի նաեւ կրթական եւ առողջապահական մարզերուն մէջ.
Կրթութիւն: Քամերունը կը գլխաւորէ ցանկը՝ 1,668 մանկապարտէզներով եւ տարրական դպրոցներով, ուր կ’ուսանին շուրջ 300,000 աշակերտներ: Անկոլան նոյնպէս ունի հզօր ցանց՝ աւելի քան 321,000 աշակերտով:
Առողջապահութիւն: Քամերունի եւ Անկոլայի մէջ եկեղեցին կը տնօրինէ համապատասխանաբար 59 եւ 48 հիւանդանոցներ, ինչպէս նաեւ հարիւրաւոր դարմանատուներ:
Բարեսիրութիւն: Յատկանշական է Անկոլայի մէջ գործող 112 որբանոցներու եւ մանկամսուրներու թիւը, որոնք կը վկայեն եկեղեցւոյ ընկերային յանձնառութեան մասին:
Ալճերիոյ առանձնայատուկ դէմքը
Հետաքրքրական է, որ թէեւ Ալճերիոյ մէջ կաթողիկէներու թիւը փոքր է, սակայն եկեղեցին կը պահէ իր մշակութային եւ բարձրագոյն կրթութեան ներկայութիւնը՝ 9 բարձրագոյն հիմնարկներով, ուր կ’ուսանին 2,617 ուսանողներ, որոնց մեծ մասը հաւանաբար տեղացի ոչ-քրիստոնեայ երիտասարդներ են:
Այս տուեալները կը հաստատեն, որ Ափրիկէի մէջ կաթողիկէ եկեղեցին կը շարունակէ մնալ ոչ միայն հոգեւոր հաստատութիւն, այլեւ հասարակական զարգացման եւ կրթութեան կարեւորագոյն շարժիչ ուժ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ