B�atification des religieux en Algerie

Եկեղեցական տուեալներու Պատկերը Ափրիկէի Մէջ. Ալճերիայէն մինչեւ Անկոլա

Այս վիճակագրական տուեալները կը բացայայտեն Ափրիկէի մէջ կաթողիկէ եկեղեցւոյ բազմազան պատկերը, ուր Անկոլայի եւ Կուինէայի հոծ հաւատացեալներուն կողքին, Ալճերիոյ փոքրաթիւ համայնքը կը շարունակէ իր ուրոյն առաքելութիւնը։ Միաժամանակ, կրթական եւ առողջապահական հաստատութիւններու հզօր ցանցն ու նորընծաներու աճող թիւը կը հաստատեն եկեղեցւոյ վճռակամ դերը մայրցամաքի թէ՛ հոգեւոր եւ թէ՛ ընկերային զարգացման մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ի տես Լեւոն ԺԴ. Պապին Ալճերիա Քամերուն, Անկոլա եւ Հասարակածային Կուինէա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան, լոյս կ՝ընծայենք Ափրիկէի յիշեալ չորս երկիրներու վերջին վիճակագրական տուեալները՝ 31 դեկտեմբեր 2024-ի դրութեամբ, որոնք կը վերաբերին կաթողիկէ եկեղեցւոյ կառոյցին եւ առաքելութեան։

Ժողովրդագրութիւն եւ Հաւատացեալներու թիւ

Անկոլան կը հանդիսանայ տարածաշրջանի կաթողիկէութեան ամենաամուր յենարաններէն մէկը, ուր բնակչութեան աւելի քան 57%-ը (շուրջ 20.3 միլիոն հոգի) կաթողիկէ է: Միւս կողմէ, Հասարակածային Կուինէան ունի ամենաբարձր համեմատութիւնը՝ բնակչութեան 74.7%-ը կը դաւանի կաթողիկէութիւն: Ի հակադրութիւն այս պատկերին, Ալճերիոյ մէջ եկեղեցին ունի խիստ սահմանափակ ներկայութիւն՝ ընդամէնը 9,000 հաւատացեալով, որ կը կազմէ բնակչութեան չնչին մէկ տոկոսը (0.02%):

Հովուական ծառայութիւն եւ մարդուժ

Հովուական բեռի տեսանկիւնէն, Անկոլայի մէջ իւրաքանչիւր քահանայ կը սպասարկէ միջին հաշուով 13,441 կաթողիկէի, որ բաւական ծանր թիւ մըն է՝ համեմատած Քամերունի (2,516) կամ Ալճերիոյ (146) հետ: Այսուհանդերձ, ապագայի յոյսերը վառ են. Անկոլայի եւ Քամերունի մէջ նորընծաներու թիւը կը գերազանցէ 2,000-ը իւրաքանչիւրին մէջ, ինչ որ կը հաստատէ տեղական կոչումներու աճը:

Կրթական եւ ընկերային առաքելութիւն

Եկեղեցւոյ դերը լոկ հոգեւոր չէ. անիկա առանցքային դերակատարութիւն ունի նաեւ կրթական եւ առողջապահական մարզերուն մէջ.

Կրթութիւն: Քամերունը կը գլխաւորէ ցանկը՝ 1,668 մանկապարտէզներով եւ տարրական դպրոցներով, ուր կ’ուսանին շուրջ 300,000 աշակերտներ: Անկոլան նոյնպէս ունի հզօր ցանց՝ աւելի քան 321,000 աշակերտով:

Առողջապահութիւն: Քամերունի եւ Անկոլայի մէջ եկեղեցին կը տնօրինէ համապատասխանաբար 59 եւ 48 հիւանդանոցներ, ինչպէս նաեւ հարիւրաւոր դարմանատուներ:

Բարեսիրութիւն: Յատկանշական է Անկոլայի մէջ գործող 112 որբանոցներու եւ մանկամսուրներու թիւը, որոնք կը վկայեն եկեղեցւոյ ընկերային յանձնառութեան մասին:

Ալճերիոյ առանձնայատուկ դէմքը

Հետաքրքրական է, որ թէեւ Ալճերիոյ մէջ կաթողիկէներու թիւը փոքր է, սակայն եկեղեցին կը պահէ իր մշակութային եւ բարձրագոյն կրթութեան ներկայութիւնը՝ 9 բարձրագոյն հիմնարկներով, ուր կ’ուսանին 2,617 ուսանողներ, որոնց մեծ մասը հաւանաբար տեղացի ոչ-քրիստոնեայ երիտասարդներ են:

Այս տուեալները կը հաստատեն, որ Ափրիկէի մէջ կաթողիկէ եկեղեցին կը շարունակէ մնալ ոչ միայն հոգեւոր հաստատութիւն, այլեւ հասարակական զարգացման եւ կրթութեան կարեւորագոյն շարժիչ ուժ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/04/2026, 08:43