ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (55)
55.- ՄԵԹՈՆԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԱՍՆԱԿԻ ՇԻՆԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Աստուծոյ նախախնամութեան վրայ վստահացած Մխիթար եւ իր միաբանները համբերութեամբ կը գերազանցեն աղքատութեան անձկութիւնները։ Վերջապէս 1707ի աշնան, տարին շատ բարեբեր ըլլալով, իրենց շնորհուած կալուածներու բերքը ծախելով 600 դահեկանի գումար մը կը գոյանայ։
Մխիթար կը մտադրէ եկեղեցւոյ շինարարութիւնը կազմակերպել, քանի որ պետութեան հետ նախնական պայմանաւորուածութեամբ ոչ միայն վանք այլ եւ եկեղեցի պէտք է կառուցէին իրենց շնորհուած տարածքին վրայ։ Մինչ այդ, նորակառոյց վանքը փոխադրուելէն ետք մօտ երկու տարի, 1706 Նոյեմբերէն մինչեւ եկեղեցւոյ շինութեան աւարտը՝ 1708ի Հոկտեմբերը, վանքի սենեակներէն մէկը վերածած էին աղօթարանի ուր ժամերգութիւնները եւ այլ աղօթքի պահերը կը կատարէին, իսկ պատարագ մատուցանելու համար վեղարաւորներու (քաբուչիններու) եկեղեցին կ՚երթային։
Այդ օրերուն Սեբաստիանոս Մոչէնիկոյ Ծովակալը տուգանած էր օրինազանց մը 150 դահեկան վճարելու, եւ անոր վրայ իր կողմէն 50 դահեկան ալ աւելցնելով՝ այդ գումարը կը նուիրէ Մխիթարի՝ եկեղեցւոյ շինարարութեան համար։ Անճելոյ Էմո Կառավարիչն ալ իր մասնակցութիւնը կը բերէ կիր եւ քար տրամադրելով։
Այսպէս Մխիթար Աբբահայր շինարարները կանչելով անոնց հետ կը համաձայնի եւ Ս. Անտոն Աբբայի նուիրուած եկեղեցիին հիմնարկէքի արարողութեան հանդիսութիւնը կը կազմակերպէ։ 1 Մարտ 1708ին Մխիթար Աբբահայր եկեղեցւոյ առաջին անկիւնաքարը կ՚օրհնէ եւ ապա Պեղոպոնէսի Կառավարիչ Անճելոյ Էմո իշխանին հետ միասին հիմնաքարը կը տեղադրէ։ Անմիջապէս Մեթոն բերդաքաղաքի թնդանօթները համազարկով կ՚աւետեն այդ ուրախալի պահը, մինչ զինուորական շեփորները ցնծագին կը հնչեն։ Արարողութեան ներկայ էր քաղաքի աւագանին եւ զինուորականներու բազմութիւնը։ Անճելոյ Էմո իշխանը այս առիթով 40 ծէքքինոյ՝ վենետկեան ոսկեդրամ կը նուիրէ Մխիթար Աբբահօր։
Հիմքերը կը նետուին, պատերը կը բարձրանան եւ եկեղեցին կ՚ուրուագծուի։ Հաւաքուած գումարը դժբախտաբար բաւարար չէր ամբողջապէս ծածկելու կառոյցը։ Մխիթար գործնական որոշում կը կայացնէ։ Եկեղեցւոյ մէկ երրորդը կը ծածկէ եւ փայտաշէն պատով մը կը փակէ աւագ խորանի դիմացը, արեւմտեան մասին դուռ մըն ալ տեղադրելով դէպի փողոց՝ հաւատացեալներու մուտքը ապահովելու համար։ Այսպէս, 1708 Հոկտեմբերին արդէն գործածական կը դառնայ նորակառոյց եկեղեցին մասնակիօրէն։ Միայն 1711ին Մխիթար Աբբահայր պիտի յաջողի ամբողջապէս ծածկել եկեղեցին, որ «իր վայելչութեամբ կը գերազանցէր բերդաքաղաքի միւս երկու եկեղեցիները» կը գրէ ժամանակագիրը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ