2024.03.22 Mkhitar Sebastasi

ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (55)

Մխիթար Աբբահօր մահուան 275րդ Յոբելեան - Հաղորդաշարը պատրաստեց Մխիթարեան միաբանութեան ուխտէն՝ Հ. Սերոբ Վրդ. Չամուրլեան

55.- ՄԵ­ԹՈ­ՆԻ ԵԿԵ­ՂԵՑ­ՒՈՅ ՄԱՍ­ՆԱ­ԿԻ ՇԻ­ՆԱ­ՐԱ­ՐՈՒ­ԹԻՒ­ՆԸ

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Աս­տու­ծոյ նա­խախ­նա­մու­թեան վրայ վս­տա­հա­ցած Մխի­թար եւ իր միաբան­նե­րը համ­բե­րու­թեամբ կը գե­րա­զան­ցեն աղ­քա­տու­թեան ան­ձկու­թիւն­նե­րը։ Վեր­ջա­պէս 170­7ի աշ­նան, տա­րին շատ բա­րե­բեր ըլ­լա­լով, իրենց շնոր­հուած կա­լուած­նե­րու բեր­քը ծա­խե­լով 600 դա­հե­կա­նի գու­մար մը կը գո­յա­նայ։

Մ­խի­թար կը մտադ­րէ եկե­ղեց­ւոյ շի­նա­րա­րու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պել, քա­նի որ պե­տու­թեան հետ նախ­նա­կան պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թեամբ ոչ միայն վանք այլ եւ եկե­ղե­ցի պէտք է կա­ռու­ցէին իրենց շնոր­հուած տա­րած­քին վրայ։ Մինչ այդ, նո­րա­կա­ռոյց վան­քը փո­խա­դրուե­լէն ետք մօտ եր­կու տա­րի, 1706 Նոյեմ­բե­րէն մին­չեւ եկե­ղեց­ւոյ շի­նու­թեան աւար­տը՝ 170­8ի Հոկ­տեմ­բե­րը, վան­քի սե­նեակ­նե­րէն մէ­կը վե­րա­ծած էին աղօ­թա­րա­նի ուր ժա­մեր­գու­թիւն­նե­րը եւ այլ աղօթ­քի պա­հե­րը կը կա­տա­րէին, իսկ պա­տա­րագ մա­տու­ցա­նե­լու հա­մար վե­ղա­րա­ւոր­նե­րու (քա­բու­չին­նե­րու) եկե­ղե­ցին կ՚եր­թային։

Այդ օրե­րուն Սե­բաս­տիանոս Մո­չէ­նի­կոյ Ծո­վա­կա­լը տու­գա­նած էր օրի­նա­զանց մը 150 դա­հե­կան վճա­րե­լու, եւ անոր վրայ իր կող­մէն 50 դա­հե­կան ալ աւելց­նե­լով՝ այդ գու­մա­րը կը նուի­րէ Մխի­թա­րի՝ եկե­ղեց­ւոյ շի­նա­րա­րու­թեան հա­մար։ Ան­ճե­լոյ Էմո Կա­ռա­վա­րիչն ալ իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը կը բե­րէ կիր եւ քար տրա­մադ­րե­լով։­

Այս­պէս Մխի­թար Աբ­բա­հայր շի­նա­րար­նե­րը կան­չե­լով անոնց հետ կը հա­մա­ձայ­նի եւ  Ս. Ան­տոն Աբ­բայի նուի­րուած եկե­ղե­ցիին հիմ­նար­կէ­քի արա­րո­ղու­թեան հան­դի­սու­թիւ­նը կը կազ­մա­կեր­պէ։ 1 Մարտ 170­8ին Մխի­թար Աբ­բա­հայր եկե­ղեց­ւոյ առա­ջին ան­կիւ­նա­քա­րը կ՚օրհ­նէ եւ ապա Պե­ղո­պո­նէ­սի Կա­ռա­վա­րիչ Ան­ճե­լոյ Էմո իշ­խա­նին հետ միասին հիմ­նա­քա­րը կը տե­ղադ­րէ։ Ան­մի­ջա­պէս Մե­թոն բեր­դա­քա­ղա­քի թն­դա­նօթ­նե­րը հա­մա­զար­կով կ՚ա­ւե­տեն այդ ու­րա­խա­լի պա­հը, մինչ զի­նուո­րա­կան շե­փոր­նե­րը ցն­ծա­գին կը հն­չեն։ Արա­րո­ղու­թեան ներ­կայ էր քա­ղա­քի աւա­գա­նին եւ զի­նուո­րա­կան­նե­րու բազ­մու­թիւ­նը։ Ան­ճե­լոյ Էմո իշ­խա­նը այս առի­թով 40 ծէք­քի­նոյ՝ վե­նետ­կեան ոս­կեդ­րամ կը նուի­րէ Մխի­թար Աբ­բա­հօր։

­Հիմ­քե­րը կը նե­տուին, պա­տե­րը կը բարձ­րա­նան եւ եկե­ղե­ցին կ՚ու­րուագ­ծուի։ Հա­ւա­քուած գու­մա­րը դժ­բախ­տա­բար բա­ւա­րար չէր ամ­բող­ջա­պէս ծած­կե­լու կա­ռոյ­ցը։ Մխի­թար գործ­նա­կան որո­շում կը կա­յաց­նէ։ Եկե­ղեց­ւոյ մէկ եր­րոր­դը կը ծած­կէ եւ փայ­տա­շէն պա­տով մը կը փա­կէ աւագ խո­րա­նի դի­մա­ցը, արեւմ­տեան մա­սին դուռ մըն ալ տե­ղադ­րե­լով դէ­պի փո­ղոց՝ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու մուտ­քը ապա­հո­վե­լու հա­մար։ Այս­պէս, 1708 Հոկ­տեմ­բե­րին ար­դէն գոր­ծա­ծա­կան կը դառ­նայ նո­րա­կա­ռոյց եկե­ղե­ցին մաս­նա­կիօրէն։ Միայն 171­1ին Մխի­թար Աբ­բա­հայր պի­տի յա­ջո­ղի ամ­բող­ջա­պէս ծած­կել եկե­ղե­ցին, որ «իր վայել­չու­թեամբ կը գե­րա­զան­ցէր բեր­դա­քա­ղա­քի միւս եր­կու եկե­ղե­ցի­նե­րը» կը գրէ ժա­մա­նա­կա­գի­րը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/02/2026, 07:52