22 Յունուարին Սուրբ Պօղոս Պազիլիքային մէջ հայկական ծէսով Խաղաղական ժամերգութիւն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ինչպէս ամէն տարի այս տարի եւս 18էն 25 Յունուար երկարող շաբաթը նուիրուած է Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքին որուն ընթացքին քրիստոնեայ աշխարհը իր աղօթքները կը բարձրացնէ առ Աստուած հայցելու քրիստոնեաներու միութիւնը։ 2026-ի խորհրդածութեան նիւթը ներշնչուած է Պօղոս առաքեալի Եփեսացիներուն ուղղած նամակի չորրորդ գլուխէն «Մէկ է մարմինը, մէկ է հոգին ինչպէս մէկ է յոյսը, որուն Աստուած ձեզ կոչեց»։
Միութեան համար աղօթելը կը նշանակէ ճանչնալ, որ անիկայ մարդկային ջանքերու բացառիկ պտուղը չէ, այլ Հոգիին գործը, որ կը նախորդէ եւ կ՜ուղեկցի իւրաքանչիւր Համամիութենական ճանապարհորդութեան։
Մշակութային, եկեղեցական և ընկերային բաժանումներով մասնատուած այս ժամանակաշրջանին մէջ Աղօթքի շաբաթը կը ստանայ նաեւ մարգարէական արժէք եւ կը հրաւիրէ քրիստոնեայ համայնքները ականատես ըլլալու, այն իրողութեան `թէ բազմազանութիւնը, երբ կը հաշտուի, սպառնալիք չէ, այլ հարստութիւն համայն եկեղեցական մարմնին համար։
Աղօթքի շաբթուայ ընթացքին աշխարհի տարբեր քրիստոնեայ համայնքներէն ներս կը կատարուին համամիութենական աղօթքներ։ Նոյնը կը կատարուի նաեւ Հռոմի մէջ` Պարիսպներէն դուրս Սուրբ Պօղոսի անուան պազիլիքային մէջ ուր շաբաթուան ընթացքին ամէն օր` զանազան ծէսերով ու քրիստոնեայ տարբեր համայնքներու հոգատարութեամբ նախատեսուած են ժամասացութիւններ եւ պատարագներ, որոնք պիտի աւարտին Կիրակի` 25 Յունուարին, Լեւոն ԺԴ. Պապին գլխաւորած ժամասացութեան արարողութեամբ։
Շաբթուան բացումը կը կատարուի Կիրակի` 18 Յունուարին։ Օրուան ընթացքին նախատեսուած են տարբեր պատարագներ ապա ժամը երկուին աղօթք` «Կաթողիկէ Խարիզմադիկ Նորոգման եւ Պենետեկոստեան Հասարակութիւններու» մասնակցութեամբ, հուսկ երեկոյեան ժամը հինգին ժամասացութիւն ապա պատարագ։
Երկուշաբթի 19 Յունուարին ժամերգութեան արարողութիւնը վստահուած է Հռոմի Ղպտի օրթոտոքս Եկեղեցւոյ, 20 Յունուարին Իտալիոյ Ռումանացի օրթոտոքս Եկեղեցւոյ, 21 Յունուարին Լուտերան Եկեղեցւոյ ապա հինգշաբթի 22 Յունուարին Ժամասացութիւնը վստահուած է Մխիթարեան Միաբանութեան վանահայրերուն որուն ընթացքին անոնք պիտի կատարեն «Խաղաղական ժամերգութիւնը»։ Ուրբաթ 23 Յունուարին աղօթքը վստահուած է Հռոմի Անկլիքան Եկեղեցւոյ իսկ Շաբաթ 24 Յունուարի ժամասացութիւնն ու աղօթքը կը կատարեն Սուրբ Պօղոս Պազիլիքայի ի Վանական Միաբանութիւնը Պօղոսեան Ընտանիքի հետ միասին։
22 Յունուարի խաղաղական ժամերգութիւնը կը գլխաւորէ Մխիթարեան հայրերէն Հայր Անտոն Գրիգորեանը։
Խաղաղական ժամ
Խաղաղական ժամերգութիւնը նուիրուած է Սուրբ Հոգիին եւ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի դժոխք իջնելը եւ արդար հոգիներու ազատագրումը տանջանքներէն։ Այս ժամերգութիւնը կը կատարուի մայրամուտէն անմիջապէս յետոյ:
Ը. դարուն Խաղաղական ժամը արդէն մաս կը կազմէր Հայոց Ժամագիրքին և յիշուած է Ստեփանոս Սիւնեցիի կողմէն:
Յիսուս ազատելով արդար հոգիները խաղաղեցուց զանոնք այն նեղութիւններէն որուն մէջ կը գտնուէին: Ժամերգութիւնը Խաղաղական կը կոչուի նաեւ անոր համար, որ մենք ցերեկուայ աշխատանքէն ետք գիշերը խաղաղութիւն և հանգիստ կու տանք մեր անձին:
Մաղթանքով քարոզով և աղօթքով կը խնդրենք Աստուծմէ, որ պահպանէ մեզ գիշերը. իր լոյսը մեզի առաջնորդ տայ, որպէսզի ազատ մնանք գայթակղութիւններէն:
Խաղաղականը կը սկսի «Տէր Աստուած փրկութեան» թիւ 87 սաղմոսով, որուն կը յաջորդէ Շնորհալիի «Շնորհեա մեզ Տէր» երգը: Յաջորդաբար մաղթանք, քարոզ, աղօթքէ ետք, կ'երգուի Շնորհալիի «Նայեաց սիրով» երգը: Ժամերգութեան աւարտին «Ի քէն հայցեմք»ը կ'երգուի, որուն միայն առաջին երեք տուները Շնորհալիին են. իսկ վերջին երեք տուները՝ քաղուած են խաչի (Զկենդանագիր), Յարութեան (Հաղորդս արա) և Աստուածածնի (Ի նստել քո) շարականներէն:
Խաղաղականը կը կոչուի նաեւ Հանգստեան ըստ Անձեւացիի. Իսկ Սիւնեցի կը գրէ լոկ Հանգստեան ժամ: Այս ժամերգութիւնն ալ ամէնօրեայ չէր: Խաղաղական և Հանգստեան ժամերգութիւնները ներկայիս կը կատարուին միայն Մեծ Պահոց օրերուն, և հաւատացեալներուն ծանօթ են անոնք, որպէս հսկումի ժամերգութիւն: (Ծիսական գիտելիքներ, էջ 76-77):
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ