2025.02.08 Gesù - l'ultima parola di Dio; La basilica papale di San Paolo fuori le mura (suor Amata J. Nowaszewska CSFN / Family News Service)

22 Յունուարին Սուրբ Պօղոս Պազիլիքային մէջ հայկական ծէսով Խաղաղական ժամերգութիւն

Քրիստոնեաներու միութեան նուիրուած աղօթքի շաբաթուայ ընթացքին հինգշաբթի 22 Յունուարին Սուրբ Պօղոս պազիլիքայի մէջ նախատեսուած է «Խաղաղական» ժամերգութիւնը Մխիթարեան Միաբանութեան վանահայրերու գլխաւորութեամբ։ Աղօթքի շաբթուան եզրափակումը նախատեսուած է Կիրակի` 25 Յունուարին, Լեւոն ԺԴ. Պապին գլխաւորած ժամասացութեան արարողութեամբ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ինչպէս ամէն տարի այս տարի եւս 18էն 25 Յունուար երկարող շաբաթը նուիրուած է Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքին որուն ընթացքին քրիստոնեայ աշխարհը իր աղօթքները կը բարձրացնէ առ Աստուած հայցելու քրիստոնեաներու միութիւնը։ 2026-ի խորհրդածութեան նիւթը ներշնչուած է Պօղոս առաքեալի Եփեսացիներուն ուղղած նամակի չորրորդ գլուխէն «Մէկ է մարմինը,  մէկ է հոգին  ինչպէս մէկ է յոյսը,  որուն Աստուած ձեզ կոչեց»։

Միութեան համար աղօթելը կը նշանակէ ճանչնալ, որ անիկայ մարդկային ջանքերու բացառիկ պտուղը չէ, այլ Հոգիին գործը, որ կը նախորդէ եւ կ՜ուղեկցի իւրաքանչիւր Համամիութենական ճանապարհորդութեան։

Մշակութային, եկեղեցական և ընկերային բաժանումներով մասնատուած այս ժամանակաշրջանին մէջ Աղօթքի շաբաթը կը ստանայ նաեւ մարգարէական արժէք եւ կը հրաւիրէ քրիստոնեայ համայնքները ականատես ըլլալու, այն իրողութեան `թէ բազմազանութիւնը, երբ կը հաշտուի, սպառնալիք չէ, այլ հարստութիւն համայն եկեղեցական մարմնին համար։

Աղօթքի շաբթուայ ընթացքին աշխարհի տարբեր քրիստոնեայ համայնքներէն ներս կը կատարուին համամիութենական աղօթքներ։ Նոյնը կը կատարուի նաեւ Հռոմի մէջ` Պարիսպներէն դուրս Սուրբ Պօղոսի անուան պազիլիքային մէջ ուր շաբաթուան ընթացքին ամէն օր` զանազան ծէսերով ու քրիստոնեայ տարբեր համայնքներու հոգատարութեամբ նախատեսուած են ժամասացութիւններ եւ պատարագներ, որոնք պիտի աւարտին Կիրակի` 25 Յունուարին, Լեւոն ԺԴ. Պապին գլխաւորած ժամասացութեան արարողութեամբ։

Շաբթուան բացումը կը կատարուի Կիրակի` 18 Յունուարին։ Օրուան ընթացքին նախատեսուած են տարբեր պատարագներ ապա ժամը երկուին աղօթք` «Կաթողիկէ Խարիզմադիկ Նորոգման եւ Պենետեկոստեան Հասարակութիւններու» մասնակցութեամբ, հուսկ երեկոյեան ժամը հինգին ժամասացութիւն ապա պատարագ։

Երկուշաբթի 19 Յունուարին ժամերգութեան արարողութիւնը վստահուած է Հռոմի Ղպտի օրթոտոքս Եկեղեցւոյ, 20 Յունուարին Իտալիոյ Ռումանացի օրթոտոքս Եկեղեցւոյ, 21 Յունուարին Լուտերան Եկեղեցւոյ ապա հինգշաբթի 22 Յունուարին Ժամասացութիւնը վստահուած է Մխիթարեան Միաբանութեան վանահայրերուն որուն ընթացքին անոնք պիտի կատարեն «Խաղաղական ժամերգութիւնը»։ Ուրբաթ 23 Յունուարին աղօթքը վստահուած է Հռոմի Անկլիքան Եկեղեցւոյ իսկ Շաբաթ 24 Յունուարի ժամասացութիւնն ու աղօթքը կը կատարեն Սուրբ Պօղոս Պազիլիքայի ի Վանական Միաբանութիւնը Պօղոսեան Ընտանիքի հետ միասին։

22 Յունուարի խաղաղական ժամերգութիւնը կը գլխաւորէ Մխիթարեան հայրերէն Հայր Անտոն Գրիգորեանը։

Խաղաղական ժամ

Խաղաղական ժամերգութիւնը նուիրուած է Սուրբ Հոգիին եւ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի դժոխք իջնելը եւ արդար հոգիներու ազատագրումը տանջանքներէն։ Այս ժամերգութիւնը կը կատարուի մայրամուտէն անմիջապէս յետոյ:

Ը. դարուն Խաղաղական ժամը արդէն մաս կը կազմէր Հայոց Ժամագիրքին և յիշուած է Ստեփանոս Սիւնեցիի կողմէն:

Յիսուս ազատելով արդար հոգիները խաղաղեցուց զանոնք այն նեղութիւններէն որուն մէջ կը գտնուէին: Ժամերգութիւնը Խաղաղական կը կոչուի նաեւ անոր համար, որ մենք ցերեկուայ աշխատանքէն ետք գիշերը խաղաղութիւն և հանգիստ կու տանք մեր անձին:

Մաղթանքով քարոզով և աղօթքով կը խնդրենք Աստուծմէ, որ պահպանէ մեզ գիշերը. իր լոյսը մեզի առաջնորդ տայ, որպէսզի ազատ մնանք գայթակղութիւններէն:

Խաղաղականը կը սկսի «Տէր Աստուած փրկութեան» թիւ 87 սաղմոսով, որուն կը յաջորդէ Շնորհալիի «Շնորհեա մեզ Տէր» երգը: Յաջորդաբար մաղթանք, քարոզ, աղօթքէ ետք, կ'երգուի Շնորհալիի «Նայեաց սիրով» երգը: Ժամերգութեան աւարտին «Ի քէն հայցեմք»ը կ'երգուի, որուն միայն առաջին երեք տուները Շնորհալիին են. իսկ վերջին երեք տուները՝ քաղուած են խաչի (Զկենդանագիր), Յարութեան (Հաղորդս արա) և Աստուածածնի (Ի նստել քո) շարականներէն:

Խաղաղականը կը կոչուի նաեւ Հանգստեան ըստ Անձեւացիի. Իսկ Սիւնեցի կը գրէ լոկ Հանգստեան ժամ: Այս ժամերգութիւնն ալ ամէնօրեայ չէր: Խաղաղական և Հանգստեան ժամերգութիւնները ներկայիս կը կատարուին միայն Մեծ Պահոց օրերուն, և հաւատացեալներուն ծանօթ են անոնք, որպէս հսկումի ժամերգութիւն: (Ծիսական գիտելիքներ, էջ 76-77):

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/01/2026, 09:43