Քրիստոնեաներու Միութեան Աղօթքի շաբթուան ընթացքին հրաւէր աղօթելու խաղաղության համար
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Եւրոպայի Եպիսկոպոսներու խորհրդի (CCEE) նախագահ, Գերապ. Կինթարաս Կրուշասը, հրաւէր ուղղած է բոլոր եւրոպական եպիսկոպոսներուն աղօթելու խաղաղութեան համար՝ Եկեղեցական Միութեան Աղօթքի շաբաթուան ընթացքին, տրուած ըլլալով` որ Քրիստոսի մէջ մկրտեալներու միջեւ այս միութիւնը համայն աշխարհին մէջ խաղաղութեան զօրեղ գործիք է:
Ան վերոնշեալ հրաւէրն ու աղօթքը միաժամանակ կապած է անցեալ տարուայ նոյեմբերի 5-ին Հռոմի մէջ ստորագրուած թարմացուած «Charta Oecumenica»-ին, որ 25 տարիներէ վեր կը շարունակէ ծառայել որպէս համամիութենական համագործակցութեան հիմք: Արդարեւ «Charta Oecumenica»-ն կը հրաւիրէ խորացնել երկխօսութիւնը, համատեղ վկայութիւնը, աղօթքը և ուսուցումը՝ տարբեր Եկեղեցիներու միջև:
Գերապայծառ Կրուշասը հաստատած է, որ աղօթքը «Համամիութենական շարժումին հոգին» է, և այս տարուայ աղօթքը պէտք է ըլլայ ուղղուած ոչ միայն քրիստոնեաներու միութեան, այլ նաև հակամարտող բոլոր կողմերու միջեւ խաղաղութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ