Եւրոպայի Եպիսկոպոսներու խորհրդի (CCEE) տարեկան հաւաքը Յունիս 2025-ին Եւրոպայի Եպիսկոպոսներու խորհրդի (CCEE) տարեկան հաւաքը Յունիս 2025-ին 

Քրիստոնեաներու Միութեան Աղօթքի շաբթուան ընթացքին հրաւէր աղօթելու խաղաղության համար

Եւրոպայի Եպիսկոպոսներու խորհրդի (CCEE) նախագահութիւնը հրաւէր ուղղած է աղօթելու խաղաղութեան համար` յատկապէս 15էն 25 Յունուար երկարող Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթուան ընթացքին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Եւրոպայի Եպիսկոպոսներու խորհրդի (CCEE) նախագահ, Գերապ. Կինթարաս Կրուշասը, հրաւէր ուղղած է բոլոր եւրոպական եպիսկոպոսներուն աղօթելու խաղաղութեան համար՝ Եկեղեցական Միութեան Աղօթքի շաբաթուան ընթացքին, տրուած ըլլալով` որ Քրիստոսի մէջ մկրտեալներու միջեւ այս միութիւնը համայն աշխարհին մէջ խաղաղութեան զօրեղ գործիք է:

Ան վերոնշեալ հրաւէրն ու աղօթքը միաժամանակ կապած է անցեալ տարուայ նոյեմբերի 5-ին Հռոմի մէջ ստորագրուած թարմացուած «Charta Oecumenica»-ին, որ 25 տարիներէ վեր կը շարունակէ ծառայել որպէս համամիութենական համագործակցութեան հիմք: Արդարեւ «Charta Oecumenica»-ն կը հրաւիրէ խորացնել երկխօսութիւնը, համատեղ վկայութիւնը, աղօթքը և ուսուցումը՝ տարբեր Եկեղեցիներու միջև:

Գերապայծառ Կրուշասը հաստատած է, որ աղօթքը «Համամիութենական շարժումին հոգին» է, և այս տարուայ աղօթքը պէտք է ըլլայ ուղղուած ոչ միայն քրիստոնեաներու միութեան, այլ նաև հակամարտող բոլոր կողմերու միջեւ խաղաղութեան։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/01/2026, 15:24