Որոնել

2024.03.22 Mkhitar Sebastasi

ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (51)

Մխիթար Աբբահօր մահուան 275րդ Յոբելեան - Հաղորդաշարը պատրաստեց Մխիթարեան միաբանութեան ուխտէն՝ Հ. Սերոբ Վրդ. Չամուրլեան

51.- ՄԵ­ԹՈ­ՆԻ ԱՄ­ՐՈ­ՑԻՆ ՄԷՋ ՇՆՈՐ­ՀՈՒԱԾ ՏԱ­ՐԱԾ­ՔԻ ՓՈ­ԽԱ­ՐԻ­ՆՈՒ­ՄԸ

Ունկնդրէ լուրը

Մ­խի­թա­ր դժ­գո­հ էր իրեն յատկացուած հողաշերտին համար, ոչ միայն որովհետեւ երկու կտորներէ բաղկացած էր այլ շատ լուրջ եւ ծանր խնդիր մը ունէր։ Մե­զի հա­սած է միայն 1704 Յու­լիս 4 թուա­կիր պա­տաս­խան նա­մակ մը, ուր Պե­ղո­պո­նէ­սեան տէ­րու­թեան ընդ­հա­նուր կու­սա­կալ՝ Դա­նիէլ Դոլ­ֆին ծո­վա­կա­լը կը հրա­հան­գէ Ս. Ան­տոն Աբ­բայի հա­յազ­գի կրօ­նա­ւոր­նե­րուն յատ­կա­ցուած հո­ղա­տա­րած­քը փո­խա­րի­նել աւե­լի յար­մար տեղ մը տրա­մադ­րե­լով։­

Այս գրու­թե­նէն կր­նանք հե­տե­ւեալ ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը քա­ղել։ Նախ եւ առաջ Դոլ­ֆին կու­սա­կա­լը կը յի­շէ որ իրեն ուղ­ղուած աղեր­սագ­րին մէջ նշուած էր թէ տուեալ կրօ­նա­ւոր­նե­րը մինչ օրս ոչ եկե­ղե­ցի եւ ոչ ալ վա­նա­կան հա­մա­լիր կա­ռու­ցած էին, քա­նի որ տրա­մադ­րուած հո­ղա­տա­րած­քը վա­ռօ­դի պա­հեստ­նե­րուն մօտ էր եւ շա­րահ­րա­պա­րա­կի հա­րե­ւա­նու­թեամբ կը գտնուէր։ Այս պատ­ճա­ռով ալ կը հայ­ցէին փո­խա­րի­նել իրենց տրուած տա­րած­քը։­

Այս­պէս, Կու­սա­կա­լը կը նկա­րագ­րէ թէ ար­դէն չա­փագ­րուած է նոր հո­ղա­տա­րածք, որու եր­կու կտո­րը կը պատ­կա­նին Քա­փո Մի­քիէլ Պոր­թո­լոտ­տի եւ Մի­քիէլ Մար­քո­փու­լոյ քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն, որոնք իրենց տարածքները սի­րայօ­ժար զի­ջած էին Յով­հան եպիս­կո­պո­սին, իսկ բժիշկ Մաֆ­ֆէի՝ պայ­մա­նա­ւո­րուած էր իր դա­տարկ հո­ղա­տա­րած­քի՝ փո­խա­րէնը այլ տեղ ստա­նա­լ։ Մինչ­դեռ եր­կու տնակ­նե­րու տէ­րե­րը՝ Տի­կին Ան­ծո­լա Քա­ւալ­լա եւ Ծուան­նէ Ծան­թիոթոյ, հա­մա­ձայն էին իրենց տու­նե­րը լքե­լու՝ պայ­մա­նով որ եպիս­կո­պո­սը, ինչ­պէս խոս­տա­ցած էր, իրենց հա­մար նո­րան­շա­նակ տա­րածք­նե­րուն վրայ տուն կա­ռու­ցէր։­

Ա­հա­ւա­սիկ, այս պա­յա­ման­նե­րով, գո­հաց­նե­լով այս հողատարածքին վրայ բնա­կող­նե­րը, Մխի­թար կազ­մա­կեր­պած էր իրենց տրա­մադ­րուած հո­ղը փո­խա­րի­նե­լու, Յով­նան Սե­բաս­տա­ցի եպիս­կո­պո­սի անու­նով։ Այս նոր տա­րած­քի սահ­ման­ներն ալ կը յայտ­նէ մե­զի Դոլ­ֆին Կու­սա­կա­լը, գրե­լով որ արեւ­մուտ­քէն սահ­մա­նա­կից է դղեակի պա­րիսպ­նե­րուն, հիւ­սի­սէն՝ նոր թա­ղա­մա­սի փո­ղո­ցին, հա­րա­ւէն՝ գլ­խա­ւոր փո­ղո­ցին եւ ազատ հո­ղա­տա­րածք­նե­րու, իսկ արե­ւել­քէն՝ դղեակ տա­նող ճա­նա­պար­հին։­

Այս պայ­ման­նե­րով հա­ւան գտ­նուե­լով՝ Կու­սա­կա­լը կը հրա­հան­գէ գոր­ծադ­րել այս կար­գադ­րու­թիւ­նը եւ յայ­տա­րա­րե­լով որ այս տա­րած­քը ոչ մէկ ձե­ւով կր­նար վտան­գի տակ դնել ոչ յա­րա­կից տա­րածք­նե­րը եւ ոչ ալ պա­րիսպ­նե­րը, կը թոյ­լատ­րէ Յով­հան եպիս­կո­պո­սին սկիզբ տալ եկե­ղե­ցիի եւ վան­քի շի­նա­րա­րու­թեան։ Տա­րած­քի չա­փե­րը ան­փո­փոխ մնա­ցած էին, այ­սինքն ըն­դա­մէ­նը 546 ոտք (գ­րե­թէ 950 մետր քա­ռա­կու­սի) մա­կե­րե­ւոյ­թով։­

Այս ամէ­նը՝ Աս­տու­ծոյ մե­ծա­գոյն փառ­քին եւ Վենետիկի Խա­ղա­ղա­գոյն Հա­սա­րա­կա­պե­տու­թեան ցն­ծու­թեան հա­մար, որու հան­դէպ միշտ երախ­տա­պարտ, այլ կրօ­նա­ւոր­նե­րու նման Մխի­թա­րի զա­ւակ­ներն ալ պի­տի փո­խան­ցէին տէ­րու­նի հար­կը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/01/2026, 07:42