ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (51)
51.- ՄԵԹՈՆԻ ԱՄՐՈՑԻՆ ՄԷՋ ՇՆՈՐՀՈՒԱԾ ՏԱՐԱԾՔԻ ՓՈԽԱՐԻՆՈՒՄԸ
Մխիթար դժգոհ էր իրեն յատկացուած հողաշերտին համար, ոչ միայն որովհետեւ երկու կտորներէ բաղկացած էր այլ շատ լուրջ եւ ծանր խնդիր մը ունէր։ Մեզի հասած է միայն 1704 Յուլիս 4 թուակիր պատասխան նամակ մը, ուր Պեղոպոնէսեան տէրութեան ընդհանուր կուսակալ՝ Դանիէլ Դոլֆին ծովակալը կը հրահանգէ Ս. Անտոն Աբբայի հայազգի կրօնաւորներուն յատկացուած հողատարածքը փոխարինել աւելի յարմար տեղ մը տրամադրելով։
Այս գրութենէն կրնանք հետեւեալ մանրամասնութիւնները քաղել։ Նախ եւ առաջ Դոլֆին կուսակալը կը յիշէ որ իրեն ուղղուած աղերսագրին մէջ նշուած էր թէ տուեալ կրօնաւորները մինչ օրս ոչ եկեղեցի եւ ոչ ալ վանական համալիր կառուցած էին, քանի որ տրամադրուած հողատարածքը վառօդի պահեստներուն մօտ էր եւ շարահրապարակի հարեւանութեամբ կը գտնուէր։ Այս պատճառով ալ կը հայցէին փոխարինել իրենց տրուած տարածքը։
Այսպէս, Կուսակալը կը նկարագրէ թէ արդէն չափագրուած է նոր հողատարածք, որու երկու կտորը կը պատկանին Քափո Միքիէլ Պորթոլոտտի եւ Միքիէլ Մարքոփուլոյ քաղաքացիներուն, որոնք իրենց տարածքները սիրայօժար զիջած էին Յովհան եպիսկոպոսին, իսկ բժիշկ Մաֆֆէի՝ պայմանաւորուած էր իր դատարկ հողատարածքի՝ փոխարէնը այլ տեղ ստանալ։ Մինչդեռ երկու տնակներու տէրերը՝ Տիկին Անծոլա Քաւալլա եւ Ծուաննէ Ծանթիոթոյ, համաձայն էին իրենց տուները լքելու՝ պայմանով որ եպիսկոպոսը, ինչպէս խոստացած էր, իրենց համար նորանշանակ տարածքներուն վրայ տուն կառուցէր։
Ահաւասիկ, այս պայամաններով, գոհացնելով այս հողատարածքին վրայ բնակողները, Մխիթար կազմակերպած էր իրենց տրամադրուած հողը փոխարինելու, Յովնան Սեբաստացի եպիսկոպոսի անունով։ Այս նոր տարածքի սահմաններն ալ կը յայտնէ մեզի Դոլֆին Կուսակալը, գրելով որ արեւմուտքէն սահմանակից է դղեակի պարիսպներուն, հիւսիսէն՝ նոր թաղամասի փողոցին, հարաւէն՝ գլխաւոր փողոցին եւ ազատ հողատարածքներու, իսկ արեւելքէն՝ դղեակ տանող ճանապարհին։
Այս պայմաններով հաւան գտնուելով՝ Կուսակալը կը հրահանգէ գործադրել այս կարգադրութիւնը եւ յայտարարելով որ այս տարածքը ոչ մէկ ձեւով կրնար վտանգի տակ դնել ոչ յարակից տարածքները եւ ոչ ալ պարիսպները, կը թոյլատրէ Յովհան եպիսկոպոսին սկիզբ տալ եկեղեցիի եւ վանքի շինարարութեան։ Տարածքի չափերը անփոփոխ մնացած էին, այսինքն ընդամէնը 546 ոտք (գրեթէ 950 մետր քառակուսի) մակերեւոյթով։
Այս ամէնը՝ Աստուծոյ մեծագոյն փառքին եւ Վենետիկի Խաղաղագոյն Հասարակապետութեան ցնծութեան համար, որու հանդէպ միշտ երախտապարտ, այլ կրօնաւորներու նման Մխիթարի զաւակներն ալ պիտի փոխանցէին տէրունի հարկը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ