Միջին Արեւելք. Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը մօտ են Հորմուզի նեղուցին վերաբերող ժամանակաւոր համաձայնութեան
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը, Օմանի միջնորդութեամբ, մօտեցած են Հորմուզի ռազմավարական նեղուցի վերաբացման վերաբերող ժամանակաւոր համաձայնութեան, որուն համաձայն՝ առեւտրական, ներառեալ նաւթատար նաւերու, երթեւեկութիւնը պիտի վերականգնի 60 օրուան փորձնական ժամանակահատուածով։ Թեհրանը հաստատած է, որ համաձայնութիւնը մօտ է, սակայն հերքած է Ուաշինկթընի հետ ուղղակի բանակցութիւններու գոյութիւնը՝ ընդգծելով, որ գործընթացը կ՛ընթանայ Օմանի միջնորդութեամբ։
Նախնական պայմանաւորութիւնները նաեւ կը նախատեսեն Իրանի աւելի մեծ դերակատարութիւնը նեղուցի վերահսկողութեան մէջ՝ նկատի ունենալով երկրի շահերը որպէս ծովեզերեայ պետութիւն։ Միեւնոյն ժամանակ, ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ զգուշացուցած է, որ եթէ համաձայնութիւնը ձախողի, Ուաշինկթըն «շատ խիստ հարուածներ» պիտի հասցնէ Թեհրանին։ Չնայած լարուածութեան մեղմացման նշաններուն, շրջանին մէջ բռնութիւնները կը շարունակուին. Իրանի դաշնակից Եմէնի հութիները յարձակումներու պատասխանատուութիւնը ստանձնած են Սէուտական Արաբիոյ Նաժրան օդակայանին եւ Կարմիր ծովուն մէջ հնդկական բեռնատար նաւու մը դէմ իրականացուած գործողութեան համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.