Հռոմի մէջ Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւնները աւարտեցան` յաջորդ փուլի սկզբունքային թուականը 1 սեպտեմբերն է
Հռոմի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանան-Իսրայէլ ամերիկեան միջնորդութեամբ ուղղակի բանակցութիւններու երրորդ օրը:
Պաապտայի պալատի աղբիւրները «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ երէկ Հռոմի մէջ գումարուած բանակցութիւններուն մեկնարկը մէկ ժամ ուշացած է ամերիկեան պատճառներով:
Բանակցութիւններու ընթացքին գումարուած են երեք զուգահեռ ժողովներ` քաղաքական, զինուորական եւ իրաւական-սահմանային:
Զինուորական ժողովի ընթացքին քննարկուած են թեքնիք նիւթերու շուրջ խորհրդակցութեան թեքնիք հարցը եւ զինուորական բառամթերքն ու արտայայտութիւնները: Գերիներու թղթածրարի քննարկումը բաժնուած է երկուքի. առաջինը գերիներու իրաւունքին վերաբերող միջազգային օրէնքի ուղիին մասին էր, իսկ երկրորդը կը վերաբերէր գերիներու անուանացանկի փոխանակման, ինչ որ Լիբանանի համար դժուար է, որովհետեւ այդ անուանացանկը չունի:
Աղբիւրները կը նշեն, որ լուրջ քննարկում սկսած է բնորդային շրջաններուն շուրջ, եւ իսրայէլեան կողմը պահանջած է ներկայացնել շրջանները` քննարկելու համար անոնց աշխարհագրական եւ այլ պայմանները: Աղբիւրները նաեւ կը նշեն, որ հարաւային Լիբանանի մէջ մագլցումը Հռոմի մէջ չէ արծարծուած, այլ 27 նոյեմբերէն ի վեր գոյութիւն ունեցող մեքանիզմի ճամբով:
«Գերիներու թղթածրարին նկատմամբ դրական մօտեցում կայ, եւ աշխատանք կը տարուի Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն այս հարցին մասնակից դարձնելու», յայտնեցին աղբիւրները` աւելցնելով. «Բնորդային շրջաններուն վերաբերեալ որեւէ յառաջընթաց չարձանագրուեցաւ, մանաւանդ որ քննարկումը կեդրոնացաւ քաղաքական կողմին վրայ, եւ լիբանանեան պատուիրակութիւնը այս հարցին շուրջ ունի շարք մը ծրագիրներ, որոնց շարքին` Զաութար Շարքիէ գիւղը»:
Բանակցութիւններուն հետեւող աղբիւրներ «Էլ.Պի.Սի.»-ին յայտնեցին. «Զաութար Շարքիէն առաջարկուող փորձնական շրջաններէն մէկն է: Գերիներու հարցին մէջ տակաւին որեւէ յառաջընթաց չարձանագրուեցաւ, եւ Իսրայէլ Լիբանանի մէջ անհետ կորսուած հրեայ լիբանանցիներուն հարցը կ՛արծարծէ»:
«Լիբանան կը պահանջէ զատորոշել կռիւի ընթացքին ձերբակալուած գերիներն ու միւսները, որոնք իրենց տուներու խուզարկման ընթացքին ձերբակալուեցան, եւ այս վերջինները պէտք է արագօրէն ազատ արձակուին», աւելցուցին աղբիւրները:
Կէսօրէ ետք բանակցութիւններու աւարտէն ետք Պաապտայի պալատէն աղբիւրներ «Ժատիտ»-ին յայտնեցին. «Հռոմի մէջ բանակցութիւններու ընթացքին զինուորական ուղղութեան ծիրին մէջ աւարտեցաւ քննարկումը երեք կողմերու միջեւ գործակցութեան մեքանիզմը կարգաւորող հասկացութիւններու եւ եզրերու, եւ անոնց շուրջ համաձայնութիւն գոյացաւ»:
«Բռնագրաւուած տարածքի քարտէսին վրայ աշխարհագրական հետազօտութիւնը աւարտած է` առ ի պատրաստութիւն բնորդային շրջաններու ցուցակի պատրաստման, իսկ քննարկման շարունակումը յետաձգուեցաւ` սպասելով քաղաքական մակարդակով որոշումին», նշեցին անոնք:
«Փոխանակուեցան գերիներու նախնական ցուցակները, որոնց մէջ Լիբանանը կառչած մնաց առաջին խումբի կարելի եղածին չափ շուտ ազատ արձակման», ըսին աղբիւրները` աւելցնելով. «Շարունակուեցան ստուգման պարտականութիւնը ունեցող երրորդ կողմի թղթածրարին քննարկումները, եւ կազմուեցաւ ամփոփ ցուցակ մը, առ ի պատրաստութիւն յաջորդ փուլին անոր վրայ նշուածներէն մէկը ընտրելուն»:
Պաապտայի պալատի աղբիւրներ «Ժատիտ»-ին յայտնեցին. «Լիբանան ամերիկեան կողմէն խոստում ստացաւ զինադադարին վերաբերեալ պատասխաններ ստանալու», եւ «քննարկուեցաւ ապահովական նոր համաձայնութիւն մը, որ կը կարգաւորէ սահմաններուն վրայ կացութիւնը, եւ անոր իրաւական հիմքը ՄԱԿ-ը կամ Ամերիկան է»:
«Բնորդային շրջաններուն վերաբերեալ վերջնական արդիւնքներ չգոյացան. Լիբանան կառչած կը մնայ նոր շրջանի անցնելու, իսկ Իսրայէլը նախքան այդ երկու շրջաններուն մէջ ստուգման վրայ կը պնդէ», աւելցուցին աղբիւրները:
«Սեպտեմբեր 1-ը առաջարկուեցաւ իբրեւ բանակցութիւններու նոր փուլի սկզբունքային թուական, եւ ամերիկեան կողմը երկու կողմերուն հետ իր անջատ հաղորդակցութիւնները պիտի շարունակէ մինչեւ վերջնական թուականի ճշդումը», նշեցին Պաապտայի աղբիւրները:
Բանակցութիւններուն հետեւող աղբիւրներ «Էլ.Պի.Սի.»-ին յայտնեցին. «Բանակցութիւններու նոր նիստի նախնական թուականը 1 սեպտեմբերն է, եւ ամերիկեան կողմը խոստացաւ մինչ այդ երկու կողմերուն մօտ հետապնդել գերիներու եւ սահմաններու հարցերը»:
«Այն, ինչ որ փոխանակուեցաւ Լիբանանի կողմէ նախնական ցուցակներ են, որոնք կը վերաբերին գերիներուն եւ անհետ կորսուածներուն, մինչ իսրայէլեան կողմը ներկայացուց կորսուած կամ սպաննուած լիբանանցի հրեաներու անուններու ցուցակ մը», նշեցին աղբիւրները:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Հռոմի մէջ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ Ամերիկայի հովանաւորութեամբ բանակցութիւններու 7-րդ փուլը արդիւնաւէտ էր»:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.