Երեւան կը տեղեկացնէ՝ Պաքուի մէջ պահուող գերիներուն հետ տեսակցելու հարցով Հայաստան դիմած է երրորդ երկրի
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատած է, որ Երեւան դիմած է երրորդ՝ չէզոք երկրի մը, որպէսզի անոր հիւպատոսական ներկայացուցիչները այցելեն Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներուն։ Սակայն այցելութիւնը իրականացնելու համար անհրաժեշտ է նաեւ Ատրպէյճանի համաձայնութիւնը։ Հայաստանի իշխանութիւնները չեն յայտնած, թէ ո՞ր երկրի դիմած են։
Միաժամանակ, Հայաստանի ԱԳՆ-ն կը շարունակէ հարցը քննարկել Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին (ԿԽՄԿ) հետ։ ԿԽՄԿ-ն յայտնած է, որ պատրաստ է չէզոք միջնորդի դեր ստանձնելու, սակայն այս տարի Ատրպէյճանը կազմակերպութեան համապատասխան այցելութեան արտօնութիւն չէ տուած։
Հայ գերիներու շահերու ներկայացուցիչ Սիրանուշ Սահակեան շեշտած է, որ անհրաժեշտ է գործընթացին շուրջ աւելի մեծ թափանցիկութիւն՝ յատկապէս երրորդ երկիրին ընտրութեան եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն պաշտօնական դիմումին վերաբերեալ։
Սահակեան նաեւ ահազանգած է, որ Պաքուի մէջ պահուող 20 հայերը երկար ժամանակէ ի վեր մեկուսացուած են։ Որոշ գերիներ իրենց ընտանիքներուն հետ միայն մօտ 40 օրը անգամ մը հեռաձայնով կը խօսին։ Ընտանիքներէն ստացուած են նաեւ տեղեկութիւններ հնարաւոր վնասուածքներու մասին, որոնք, սակայն, անկախ կերպով չեն հաստատուած։
Իրավիճակը աւելի մտահոգիչ դարձած է այն պատճառով, որ անցեալ տարի Պաքուի մէջ ԿԽՄԿ-ի գրասենեակը փակուած է, եւ այժմ անկախ մասնագէտներու համար գերիներու առողջական վիճակը ստուգելու հնարաւորութիւնը խիստ սահմանափակ է։
Վերջապէս, Վերոնիքա Զոնապենտը, Ռուբէն Վարդանեանի կինը, առաջարկած էր կիներու միջազգային մարդասիրական պատուիրակութեան մը կազմով Պաքու մեկնելու։ Օգոստոս 17-ին ան եւ Սիրանուշ Սահակեան հանդիպած են Հայաստանի պետական համապատասխան մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ՝ գերիներու հարցը քննարկելու համար։
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.