Որոնել

OXFAM: �DIMEZZATI GLI AIUTI ALLO YEMEN NEL 2020, SOLO 25 CENTESIMI A TESTA PER UN POPOLO STREMATO�

Խոլերան Արեւմտեան եւ Կեդրոնական Ափրիկէի մէջ. վեց երկիրներ ազդուած են, միլիոնաւոր երեխաներ վտանգի տակ են

UNICEF-ը, իշխանութիւններուն եւ միջազգային գործընկերներուն հետ միասին, կ'ամրապնդէ խմելու ջուրի բաշխումը, առողջապահական ծառայութիւնները, համաճարակաբանական հսկողութիւնը, բերանացի պատուաստումները եւ իրազեկման աշխատանքները: Կազմակերպութիւնը կոչ ուղղած է 15 միլիոն տոլար հաւաքելու՝ յառաջիկայ վեց ամիսներուն կեանքեր փրկող միջամտութիւնները զօրացնելու նպատակով:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Խոլերան կը շարունակէ արագօրէն տարածուիլ Արեւմտեան եւ Կեդրոնական Ափրիկէյի վեց երկիրներու մէջ՝ Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութիւն, Քոնկոյի Հանրապետութիւն, Նիկերիա, Չատ, Քամերուն եւ Կեդրոնական Աֆրիկեան Հանրապետութիւն: Եղանակային անձրեւները, ջրհեղեղները, բնակչութեան տեղաշարժերը եւ սահմանային փոխանցումները աւելի կը ծանրացնեն արտակարգ իրավիճակը, ուր մանուկները յատկապէս խոցելի են:

Կեդրոնական Ափրիկեան Հանրապետութեան մէջ, 10 տարեկանէն վար մանուկները կը ներկայացնեն պարագաներուն 44%-ը, մինչդեռ Չատի մէջ վարակումներուն գրեթէ երկու երրորդը կը վերաբերի 15 տարեկանէն վար մանուկներուն: Քամերունի մէջ հիւանդներուն միջին տարիքը հազիւ 10 է:

Ամենածանր իրավիճակը կ'արձանագրուի Նիկերիայի մէջ, ուր տարուան սկիզբէն ի վեր արձանագրուած են աւելի քան 50,000 պարագայ եւ 338 մահ: Իսկ Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութիւնը տեղեկացուցած է աւելի քան 30,400 պարագայի եւ գրեթէ 700 մահուան մասին:

Տարածումը կը հետեւի յատկապէս երկու միջանցքներու. Չատ լիճի աւազանը, որ կ'ընդգրկէ Չատը, Քամերունը եւ Նիկերիան, եւ Քոնկօ գետի աւազանը, որ կը կապէ շրջանի տարբեր բռնկման օճախները: Ջրհեղեղները կը մեծցնեն վտանգը՝ ապականելով ջուրի աղբիւրները եւ վնասելով առողջապահական ենթակառոյցները:

UNICEF-ը, իշխանութիւններուն եւ միջազգային գործընկերներուն հետ միասին, կ'ամրապնդէ խմելու ջուրի բաշխումը, առողջապահական ծառայութիւնները, համաճարակաբանական հսկողութիւնը, բերանացի պատուաստումները եւ իրազեկման աշխատանքները: Կազմակերպութիւնը կոչ ուղղած է 15 միլիոն տոլար հաւաքելու՝ յառաջիկայ վեց ամիսներուն կեանքեր փրկող միջամտութիւնները զօրացնելու նպատակով:

Այս արտակարգ իրավիճակը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ, թէ որքան կենսական է ապահով ջուրի, հականեխութեան եւ առողջապահական ծառայութիւններու հասանելիութիւնը՝ մանուկները կանխարգիլելի հիւանդութենէ մը պաշտպանելու համար:



Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

13/08/2026, 09:47