Որոնել

Միացեալ Նահանգներու. նախագահ Թրամփ Միացեալ Նահանգներու. նախագահ Թրամփ 

Թրամփ. «Հորմուզի նեղուցը կրնայ այսօր կամ հինգշաբթի օր բացուիլ»

Տրամադրուած տեղեկութեան համաձայն՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է Հորմուզի նեղուցի մօտալուտ վերաբացման եւ Իրանի հետ բանակցութիւններու մասին, մինչդեռ Իրանն ու Օմանը համաձայնութեան հասած են նեղուցով նաւարկման աշխարհագրական տուեալներու շուրջ՝ ընդգծելով, որ հարցը կը վերաբերի բացառապէս իրենց երկկողմ բանակցութիւններուն առանց երրորդ կողմերու միջամտութեան:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Հորմուզի նեղուցը կրնայ այսօր կամ վաղը` հինգշաբթի օր բացուիլ»:

Լաւատեղեակ աղբիւր մը, սակայն, Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Հորմուզի նեղուցին շուրջ բանակցութիւնները բացառապէս Իրան-Օման բանակցութիւններ են, եւ Միացեալ Նահանգները անոնց հետ կապ չունին` շեշտելով, որ Հորմուզի նեղուցը Օմանի հետ համաձայնութեան գոյացման պարագային պիտի չբացուի, եթէ ամերիկեան խախտումները շարունակուին` աւելցնելով, որ նեղուցի բացումը պայմանաւորուած է Միացեալ Նահանգներու գործելաոճի փոփոխութեամբ եւ խախտումներու սրբագրութեամբ:

Նախքան այդ, Թրամփ յայտնեց, թէ Միացեալ Նահանգները Իրանի հետ «չափազանց լաւ բանակցութիւններ» կը վարեն` յոյս յայտնելով, որ չեն ստիպուիր Իրանին ուժեղ հարուած մը հասցնելու:

Ան նշեց, որ երեքշաբթի օր իրանցիներուն հետ բանակցութիւններուն մէջ «լաւ օր մըն էր», թէեւ Իրան չ՛ուզեր անոնց կայացումը ընդունիլ` աւելցնելով, որ Իրան կ՛ուզէ համաձայնութեան հասնիլ, եւ երկու կողմերը ատոր իրագործման համար բաւարար ժամանակ ունին:

Սպիտակ տան ղեկավարը շեշտեց, թէ Իրան «երբեք հիւլէական զէնք ձեռք պիտի չձգէ»` զգուշացնելով, որ անոր համար կացութիւնը չափազանց վատ պիտի ըլլայ, եթէ համաձայնութիւն չգոյանայ, եւ բանակցութիւններէն ետդարձ կատարելուն պարագային ուժեղ հարուածի պիտի ենթարկուի:

Թրամփ նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ի վեր մեծագոյն յարձակումը պիտի գործէր, սակայն Իրան բանակցութիւն խնդրած է:

Ան ըսաւ, որ աշխարհը տարբեր պիտի ըլլայ, եթէ Իրան հիւլէական զէնք ձեռք ձգէ:

Թրամփ շեշտեց, թէ Հորմուզի նեղուցը շուտով պիտի բացուի, այլապէս Իրան ուժեղ հարուած պիտի ստանայ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը ըսաւ, որ հարցերը լաւ ձեւով կ՛ընթանան, եւ Հորմուզի նեղուցին վերաբացումով պենզինի եւ ուժանիւթի գիները պիտի նուազին:

Ան ուժանիւթի ընկերութիւններուն կոչ ուղղեց` գիները նուազեցնել սկսելու:

Աղբիւրներ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին յայտնեցին, որ Իսրայէլ Իրանի հետ բանակցութիւններուն վերաբերեալ Ուաշինկթընէն ուղղակի տեղեկութիւններ չի ստանար, եւ բանակցութիւններուն վերաբերեալ տեղեկութիւններուն մեծամասնութիւնը անոր անուղղակի կերպով կը հասնի:

Աղբիւրները աւելցուցին, որ իսրայէլացիներու կարծիքով` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումները շատ անորոշ, մշուշոտ եւ փոփոխական են:

Իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին յայտնած է. «Թրամփն ու անոր խորհրդականները կ՛ուզեն որեւէ գինով համաձայնութեան հասնիլ, եւ Իրանը ատոր կը գիտակցի»:

«Ներկայ ուղին դիւանագիտական կը թուի, սակայն պիտի տեսնենք, թէ ի՛նչ պիտի պատահի», աւելցուցած է ան:

Շրջանային աղբիւրներ եւ ամերիկացի պաշտօնատար մը ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին յայտնած են, թէ իրանեան ղեկավարութիւնը երեքշաբթի օր ամբողջացուցած է Հորմուզի նեղուցին վերաբերեալ սպասուող համաձայնութեան վաւերացման հոլովոյթը, եւ Սպիտակ տունը գործօն կերպով ներքաշուած էր բանակցութիւններուն մէջ:

«Աքսիոս»-ի համաձայն, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի շաբաթավերջին սկզբունքային հաւանութիւն տուած է համաձայնութեան, սակայն տակաւին կարիքը ունի Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի եւ Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի հաւանութեան:

Կայքը նշեց, որ միջնորդական ջանքերուն կը մասնակցին քաթարցի, փաքիստանցի եւ սէուտցի պաշտօնատարներ:

Ըստ «Աքսիոս»-ի, Միացեալ Նահանգները, Իրանն ու Օմանը կը մօտենան Հորմուզի նեղուցի ժամանակաւոր վերաբացման շուրջ համաձայնութեան մը, եւ Ուաշինկթըն կը ջանայ զայն չորեքշաբթի օր յայտարարել:

Համաձայնութիւնը կը պարունակէ Օմանի եւ Իրանի միջեւ նեղուցին վերաբերեալ 60 օր տեւողութեամբ ժամանակաւոր դասաւորում մը, որ երկարաձգելի է եւ կը բաւարարէ նեղուցէն անցքին վրայ իր վերահսկողութիւնը աւելցնելու Թեհրանի կարգ մը պահանջները:

Ըստ սպասուող համաձայնութեան մանրամասնութիւններուն, նեղուցին ճամբով Ծոցի շրջան եկող բոլոր նաւերը պիտի ընթանան իրանեան ջուրերէն անցնող հիւսիսային ուղիի մը ճամբով, իսկ նեղուցէն մեկնելու ուղին հարաւային է, որ կ՛անցնի օմանեան ջուրերէն, Իրանի հետ համակարգուած ձեւով, եւ 60 օրուան ժամանակաշրջանին ընթացքին առանց հարկերու կամ տուրքերու գանձման:

«Աքսիոս» աւելցուց, որ կողմերը աշխատանք պիտի տանին 30 օրուան ընթացքին նեղուցի կեդրոնական ուղիի ականազերծման, եւ այդ ուղին պիտի օգտագործուի Օմանի եւ Իրանի միջեւ ընթացող բանակցութիւններուն հիմամբ գոյանալիք տեւական համաձայնութեան մը պայմաններուն հիմամբ:

Միւս կողմէ, լաւատեղեակ երկու աղբիւրներ ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգները Իրանի հետ պատերազմի ընթացքին գրեթէ ամբողջութեամբ օգտագործած են հեռահաս թիրախահար հրթիռներու համաշխարհային ամբողջ պաշարը, մասնաւորաբար ԱԹԱՔԱՄԶ հրթիռներու եւ «Ճշգրիտ հարուածը» հրթիռներու ամբողջ պահեստը:

Ամերիկացի պաշտօնատարները պատկերասփիւռի կայանին նշած են, որ ներկայիս ամէնէն մտահոգիչը «Փաթրիոթ» եւ ԹԱԱՏ համակարգերու հակաօդային հրթիռներու քանակն է:

Անոնք յայտնած են, որ հրթիռներու այդ երկու տեսակներու սպառումը զանոնք փոխհատուցելու կամ անոնց տեղը նորը արտադրելու ամերիկեան ճարտարարուեստի կարողութենէն աւելի արագ է:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի երէկ երեկոյեան յայտնեց. «Իրանն ու Օմանը Հորմուզի նեղուցին ճամբով նաւարկման ուղիի աշխարհագրական տուեալներուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցին, եւ այս առնչութեամբ միացեալ յայտարարութեան վերջին շտկրտումները կը կատարուին, պայմանով, որ երրորդ կողմեր չմիջամտեն»:

Պաղայի աւելցուց, որ Իրանի եւ Օմանի միջեւ համաձայնութիւնը առանձինը պիտի չերաշխաւորէ ռազմավարական ջրային այս անցքին մէջ անվտանգութիւնը:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

06/08/2026, 07:52