Սուրիոյ դատարանը մահապատիժի դատապարտած է Պաշշար ալ-Ասատը
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Դամասկոսի դատարան մը ի բացակայութեան մահուան դատապարտեց Սուրիոյ նախկին նախագահ Պաշշար ալ-Ասատը, որ պատասխանատու նկատուեցաւ քաղաքացիական պատերազմի գրեթէ 14 տարիներուն ընթացքին գործադրուած ծանր ոճիրներու։ Ամբաստանութիւններուն շարքին են կանխամտածուած սպանութիւնը, խոշտանգումները, կամայական ձերբակալութիւնները եւ անչափահասներու սպանութիւնը։
Նոյն պատիժին ենթարկուեցան նաեւ անոր եղբայրը՝ Չորրորդ զրահապատ բաժանմունքի նախկին հրամանատար Մահեր ալ-Ասատը, ինչպէս նաեւ նախկին բռնապետութեան զինուորական եւ ապահովական կառոյցի այլ ներկայացուցիչներ։
Վճիռը կը տրուի գրեթէ չորս ամիս տեւած դատավարութենէ մը ետք եւ կը ներկայացնէ սուրիական արդարադատութեան առաջին դատապարտութիւնը Պաշշար ալ-Ասատի դէմ, որ ապաստան գտած է Ռուսաստան Դեկտեմբեր 2024-ին իր կառավարութեան անկումէն ետք։
Սուրիոյ նոր իշխանութիւնները՝ նախագահ Ահմետ ալ-Շարաայի գլխաւորութեամբ, դատավարութիւնը կը նկատեն կարեւոր քայլ մը դէպի անցումային արդարադատութիւն։ Սակայն որոշ մասնագէտներ կը քննադատեն մահապատիժը՝ պնդելով, որ անիկա կրնայ աւելի դժուարացնել արտասահման ապաստանած ամբաստանեալներու արտայանձնումը ապահովելը։
Դատապարտութիւնը, այնուամենայնիւ, պատմական շրջադարձ մըն է Սուրիոյ համար՝ պաշտօնապէս մեղադրանքի տակ դնելով նախկին նախագահը՝ իշխանութեան վրայ աւելի քան քսան տարիներէ եւ Ասատ ընտանիքի աւելի քան յիսուն տարուան տիրապետութենէ ետք։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.