Ահաւոր երկրաշարժ Արեւելեան Ինտոնեզիայի մէջ
Վատիկան Նիուզ - Հայկական բաժանմունք
Առնուազն 38-ի բարձրացած է զոհերու թիւը 7,7 ուժգնութեամբ երկրաշարժին հետեւանքով, որ Շաբաթ օր հարուածեց Արեւելեան Ինտոնեզիան՝ Ֆլորես կղզիի ափերուն մօտ: Ցնցումը պատճառեց փլուզումներ, հողասահքեր, ելեկտրականութեան ընդհատումներ եւ լուրջ դժուարութիւններ հաղորդակցութեան ու փրկարարական աշխատանքներու մէջ: Մօտ 2.000 հոգի լքած է իրենց բնակարանները:
Ազդուած շրջաններու շարքին է նաեւ Էնտէի արքեպիսկոպոսութիւնը, ուր քանի մը եկեղեցիներ եւ մատուռներ վնասներ կրած են, որոնցմէ ոմանք՝ ծանր: Փաուլուս Պուտի Քլետեն արքեպիսկոպոսը կոչ ըրած է քահանաներուն եւ հաւատացեալներուն պահպանելու հանգստութիւնը, հետեւիլ իշխանութիւններու ցուցմունքներուն եւ փոխադարձաբար աջակցիլ իրարու աղօթքով:
Վնասուած շէնքերու եւ հաւանական յետցնցումներու հետ կապուած վտանգներէն խուսափելու համար, արքեպիսկոպոսութիւնը որոշած է Սուրբ Պատարագի արարողութիւնները ժամանակաւորապէս կատարուին բացօթեայ:
Երկրաշարժը հարուածած է նաեւ Սիկկայի Սուրբ Պետրոս մեծ դպրեվանքը. ցնցումի ընթացքին ուսանողներն ու կրօնաւորուհիները փախուստ տուած են, մինչ շէնքի մը տանիքը փլած է: Քահանայ մը վիրաւորուած է ոտքէն:
Ինտոնեզիայի իշխանութիւնները կը շարունակեն փրկարարական աշխատանքները, որոնք դժուարացած են հողասահքերու եւ հաղորդակցութեան խնդիրներու պատճառով: Ցունամիի ահազանգը, որ սկզբնապէս տարածուած էր որոշ ափամերձ նահանգներու համար, աւելի ուշ չեղարկուած նկատուեցաւ:
Արտակարգ իրավիճակի այս պահուն, Ֆլորեսի Եկեղեցին կը շարունակէ մնալ հարուածուած համայնքներու կողքին՝ հոգեւոր աջակցութիւն եւ օգնութիւն տրամադրելով դժուարութեան մէջ գտնուող ժողովուրդին:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.