Որոնել

Թարանթոյի միջերկրականի խաղերու բացման արարողութիւնը Թարանթոյի միջերկրականի խաղերու բացման արարողութիւնը  (ANSA)

Թարանթօ 2026-ի Միջերկրականեան 20-րդ Խաղերու բացումը. մարզանք եւ եղբայրութիւն

Խաղերը, որոնք նախատեսուած են Օգոստոս 21-էն Սեպտեմբեր 3, կը համախմբեն աւելի քան 4,000 մարզիկներ՝ 33 մարզաձեւերու մէջ։ Սոյն իրադարձութիւնը կ՛ուզէ ըլլալ նոյնինքն ոչ միայն մարզական մեծ մրցում մը, այլ նաեւ Միջերկրականի ժողովուրդներու միջեւ հանդիպումի, երկխօսութեան եւ գործակցութեան առիթ։ Խաղերուն կը մասնակցի նաեւ Վատիկան Քաղաքը իր «Athletica Vaticana »մարզիկներով։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Թարանթոյի 2026-ի Միջերկրականեան 20-րդ Խաղերու բացումը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 21 Օգոստոսին, Էրասմօ Եաքովոնէ մարզադաշտին մէջ՝ ներկայութեամբ Հանրապետութեան իտալիոյ նախագահ Սերճիօ Մաթարելլայի եւ Նախարարաց խորհուրդի նախագահ Ճորճիա Մելոնիի ինչպէս նաեւ Լիբանանի նախագահ Զօր. Միշել Աունը։

«Առասպելը կը դառնայ ապագայ» խորագիրը կրող արարողութիւնը երաժշտութեան, լոյսերու եւ պարարուեստի միջոցաւ պատմեց Թարանթոյի պատմութիւնը եւ քաղաքին կապը Միջերկրականին հետ։ Ամբողջովին նորոգուած մարզադաշտը, շուրջ 16,500 հանդիսատեսներով, հիւրընկալեց մասնակից 26 երկիրներու պատուիրակութիւնները։

Խաղերը, որոնք նախատեսուած են Օգոստոս 21-էն Սեպտեմբեր 3, կը համախմբեն աւելի քան 4,000 մարզիկներ՝ 33 մարզաձեւերու մէջ։ Սոյն իրադարձութիւնը կ՛ուզէ ըլլալ նոյնինքն ոչ միայն մարզական մեծ մրցում մը, այլ նաեւ Միջերկրականի ժողովուրդներու միջեւ հանդիպումի, երկխօսութեան եւ գործակցութեան առիթ։

Երեկոն ուստի պաշտօնապէս նշեց սկիզբը երկու շաբաթներու, որոնց ընթացքին Թարանթոն պիտի ըլլայ միջերկրականեան մարզանքին սիրտը՝ իր «երկու ծովերու քաղաք»ի ինքնութիւնը վերածելով բացուածքի եւ հանդիպումի խորհրդանիշի։

Մարզանքը խաղաղութեան, հիւրընկալութեան եւ եղբայրութեան միջոց

2026-ի Միջերկրականեան 20-րդ Խաղերու բացումէն քանի մը ժամ առաջ, քաղաքի արքեպիսկոպոս Չիրօ Մինիերօ Վատիկանի Լրատուամիջոցներուն հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտած էր մարզանքին արժէքը՝ իբրեւ խաղաղութեան, հիւրընկալութեան եւ եղբայրութեան միջոց։

26 երկիրներէ ժամանած մարզիկներու ներկայութիւնը, նոյնիսկ տագնապներով ու դժուարութիւններով յատկանշուող իրականութիւններէ, կը փաստէ, որ կարելի է հանդիպիլ եւ մրցիլ փոխադարձ յարգանքի մէջ, ըսած էր Ան ընդգծելով նաեւ թէ մարզանքը կը հրամցնէ հիմնական արժէքներ, ինչպէս՝ ազատութիւն, միութիւն, զոհողութիւն եւ կանոններու յարգում։

Խաղերը նաեւ առիթ են խորհրդածելու այն անձերու հիւրընկալութեան մասին, որոնք Միջերկրականը կը կտրեն աւելի լաւ կեանքի մը որոնումով։ Թարանթօ, երկու ծովերու քաղաքը եւ խորհրդանշապէս «կամուրջներու քաղաքը», կ՛ուզէ այս իրադարձութիւնը վերածել երկխօսութեան եւ զօրակցութեան գործնական պատգամի, հաստատած է ի միջի այլոց Գերապայծառ Չիրօ Մինիերօ։

Արքեպիսկոպոսին փափաքն է, որ իրադարձութիւնը նպաստէ նաեւ քաղաքի ընկերային դժուարութիւններու դիմագրաւման՝ ցոյց տալով, որ հաւաքական ճիգերով, «միասին ըլլալով կարելի է քալել դէպի աւելի լաւ աշխարհ»։

Յայտնենք` որ սոյն խաղերուն կը մասնակցի նաեւ Վատիկան Քաղաքը իր «Athletica Vaticana »մարզիկներով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

22/08/2026, 08:48