Սուտան. Ոսկիի առեւտուրը կը շարունակէ սնուցանել պատերազմը
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Սուտանի մէջ ոսկիի արտադրութիւնն ու վաճառքը վերջին տարիներուն վերածուած են երկրի տնտեսութեան ամենաեկամտաբեր ճիւղերէն մէկուն։ Սակայն այս հարստութիւնը, փոխանակ նպաստելու զարգացման, այսօր կը ծառայէ պատերազմի ֆինանսաւորման։ 2025 թուականին Chatham House-ի հրապարակած ուսումնասիրութիւնը կը փաստէ, որ ոսկիի առեւտուրէն գոյացող եկամուտները կը սնուցանեն թէ՛ գնդապետ Ապտել Ֆաթթահ ալ-Պուրհանի գլխաւորած Սուտանի զինուած ուժերը (SAF), թէ՛ զօրապետ Մոհամետ Համտան Տագալոյի («Հեմետթի») ղեկավարած Արագ Աջակցութեան Ուժերը (RSF), որոնք 2023-էն ի վեր կը մղեն արիւնալի քաղաքացիական պատերազմ։
Փորթ Սուտանի աղբիւր մը, որ անանուն մնալու պայմանով խօսած է, կը նկարագրէ ամէնօրեայ տեսարանները. տասնեակ բեռնատարներ երիտասարդ աշխատաւորներ կը փոխադրեն դէպի ոսկիի հանքեր, ուր աշխատանքը կը շարունակուի առանց դադարի։ Բացի օրինական բաց հանքերէն, լեռնային դժուարամատչելի շրջաններու մէջ կը գործեն նաեւ ապօրինի արհեստագործական հանքեր, ուր հազարաւոր մարդիկ ծայրայեղ պայմաններու մէջ կը փորձեն ապրուստ ապահովել։
Հետազօտութեան համաձայն, ոսկիի առեւտուրը ստեղծած է լայնածաւալ տարածաշրջանային ցանց մը, որուն մէջ ներգրաւուած են վաճառականներ, միջնորդներ, մաքսանենգներ, զինեալ խմբաւորումներ եւ օտար պետութիւններ։ Ոսկիի փոխադրութեան հիմնական ուղիները կ՛անցնին Եգիպտոսի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Լիպիոյ, Չատի, Հարաւային Սուտանի, Եթովպիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ միջոցով։
Վերլուծաբաններու կարծիքով, ոսկիի վերահսկողութիւնը կը նշանակէ նաեւ զէնք գնելու միջոցներ, քաղաքական ազդեցութիւն եւ տեղական աջակցութիւն։ Այդ պատճառով ներկայ հակամարտութիւնը միայն տարածքային պայքար չէ, այլ առաջին հերթին՝ հանքավայրերուն եւ առեւտրական ուղիներուն տիրապետելու մրցակցութիւն։
Սուտանի ոսկիի արտադրութեան շուրջ 83 առ հարիւրը կը ստացուի արհեստագործական հանքերէն, ուր կը զբաղի առնուազն մէկ միլիոն մարդ։ Այս անկազմակերպ համակարգը կը դիւրացնէ մաքսանենգութիւնը, ապօրինի հարկահաւաքութիւնը եւ զինեալ խմբաւորումներու կողմէ եկամուտներու իւրացումը։
Տեղացի աղբիւրը կը շեշտէ, որ նախքան Հարաւային Սուտանի անկախացումը երկրի հիմնական հարստութիւնը նաւթն էր։ Սակայն նաւթի պաշարներուն մեծ մասը կորսնցնելէ ետք, ոսկին դարձաւ Սուտանի ռազմավարական գլխաւոր հարստութիւնը եւ, միաժամանակ, ներկայ պատերազմի հիմնական տնտեսական շարժիչը։
Այս իրողութիւնը մտահոգութիւն կը յառաջացնէ նաեւ Քոմպոնեան միսիոնարներուն մօտ, որոնք միջազգային հանրութեան կոչ ուղղած են դադրեցնելու ոսկիի ապօրինի շրջանառութիւնը։ Անոնք կը շեշտեն, որ տեւական խաղաղութիւն կարելի չէ հաստատել միայն Սուտանի ներսի հանքերը վերահսկելով, այլ անհրաժեշտ է խզել նաեւ տարածաշրջանային առեւտրական այն ցանցերը, որոնց միջոցով ոսկին կը վերածուի պատերազմը շարունակելու համար անհրաժեշտ ֆինանսական միջոցներու։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.