Ռուսիայ, Ուքրանիա պատերազմ Ռուսիայ, Ուքրանիա պատերազմ  (ANSA)

Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ գերիներու փոխանակում

Ռուսիան եւ Ուքրանիան կատարած են գերիներու հերթական փոխանակումը՝ 103 գերի՝ 103-ի դիմաց։ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն՝ փոխանակումը իրականացուած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջնորդական ջանքերուն շնորհիւ։

«Ռուսիան ու Ուքրանիան գերիներու հերթական փոխանակում կատարած են», կը հաղորդէ ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

«Փոխանակումը կատարուած է 103 103-ի դիմաց ձեւաչափով», յայտնած է նախարարութիւնը:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ տեղեկացուցած է, որ գերիներու հերթական խումբի փոխանակումը կարելի դարձած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջնորդական ջանքերուն շնորհիւ:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

20/08/2026, 10:10