Հռոմի մէջ Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւններու վերջին օրը
Երէկ Հռոմի ամերիկեան դեսպանատան մէջ աւարտեցաւ Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւններու երկրորդ օրը:
Պաապտայի պալատէն աղբիւրներ «Էլ.Պի.Սի.»-ին յայտնեցին. «Երէկ Հռոմի մէջ գումարուեցան անջատ ժողովներ` քննարկելու համար քաղաքական, զինուորական եւ սահմաններու թղթածրարները»:
Ըստ աղբիւրներուն, ամերիկեան պատուիրակութիւնը երկու պատուիրակութիւններէն խնդրած է բանակցութիւնը դադրեցնել` շարունակելու համար կարգ մը հաղորդակցութիւնները, որ կը կատարէ բանակցութիւններուն վերաբերեալ:
Պաապտայի պալատի աղբիւրներ «Էլ.Պի.Սի.»-ին նշեցին. «Գործընթացին մասնակցելու պատրաստակամութիւն յայտնած երկիրներէն դիմումներու ընտրութենէն ետք, ստուգման մեքանիզմին մէջ յառաջընթաց արձանագրուեցաւ»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն ալ պաշտօնատար մը «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ այսօրուան քննարկումները արդիւնաւէտ էին, յառաջընթաց արձանագրեցին, եւ վաղը Հռոմի մէջ կը շարունակուին բանակցութիւնները, որոնք այսօր կանուխ փակուեցան` դաշտային զարգացումներու պատճառով»:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.