Որոնել

2026.08.13 Chiesa Armena di Iskenderun del 1876

Իսքենտերունի Քառասուն Մանուկ հայկական եկեղեցին կ'անցնի ամբողջական վերականգնումի

Վերականգնումի աւարտէն ետք 1876-ին կառուցուած այս դարաւոր եկեղեցին պիտի վերագտնէ իր ամբողջական կառուցուածքն ու համայնքային կեանքին մէջ իր կարեւոր տեղը։

Իսքենտերունի 1876-ին կառուցուած Քառասուն Մանուկ հայկական եկեղեցին, Փետրուար 6-ի երկրաշարժերուն պատճառած վնասներուն հետեւանքով, անցած է ամբողջական վերականգնումի գործընթացի։

Եկեղեցւոյ հիմնական կառոյցին եւ հիմքին մէջ արձանագրուած տեղաշարժերը, խորանին վնասները, պատերուն վրայ յառաջացած ճաքերն ու ուռեցքները անհրաժեշտ դարձուցած են շտապ վերանորոգումը։ Եկեղեցւոյ կից շինութիւններն ու խանութները եւս ծանր վնասներ կրած են։

Վերականգնումի աշխատանքներուն համար Թուրքիոյ պետութիւնը տրամադրած է 5 միլիոն թրքական լիրա։ Առաջին փուլին պիտի նորոգուին տանիքը եւ յատակը, լուծուի ջրահեռացման հարցը, վերակառուցուին խորանները եւ վերանորոգուին վնասուած պատերն ու արտաքին ճակատը։

Աշխատանքներուն պատճառով եկեղեցին առժամաբար պիտի փակուի կրօնական արարողութիւններու համար։ Վերականգնումի աւարտին պատմական եկեղեցին նախատեսուած է վերստին ծառայելու Իսքենտերունի հայ համայնքին՝ պահպանելով իր հոգեւոր եւ համայնքային կարեւոր դերը։

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

13/08/2026, 07:39