Որոնել

Կեդրոնական Ափրիկէի ոսկիի հանքէն նկարահանուած տեսանիւթէն քաղուած հատուած։ Կեդրոնական Ափրիկէի ոսկիի հանքէն նկարահանուած տեսանիւթէն քաղուած հատուած։ 

Կեդրոնական Ափրիկէ․ Ոսկիի հանքի փլուզումէն աւելի քան հարիւր զոհ

Կեդրոնական Ափրիկէի Հանրապետութեան Զամպոյէ գիւղի ոսկիի հանքավայրին մէջ ուժեղ անձրեւներու հետեւանքով տեղի ունեցած սողանքին պատճառով զոհուածներու թիւը անցած է 100-ը, իսկ տասնեակ մարդիկ տակաւին անհետ կորսուած են։ Միսիոնար Մարցելլօ Պարթոլոմէի կը դատապարտէ հանքավայրերուն մէջ տիրող անապահով եւ շահագործող պայմանները՝ կոչ ընելով կառավարութեան՝ խստացնելու վերահսկողութիւնը եւ պաշտպանելու մարդկային կեանքն ու արժանապատուութիւնը։

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Ունկնդրէ լուրը

Կեդրոնական Ափրիկէի Հանրապետութեան արեւմտեան շրջանին մէջ, Քամերունի սահմանին մօտ գտնուող Զամպոյէ գիւղի ոսկիի արհեստաւորական հանքավայրին մէջ տեղի ունեցած ողբերգական սողանքին հետեւանքով զոհերու թիւը անցած է հարիւրը եւ կրնայ տակաւին բարձրանալ։ Ուժեղ անձրեւներու հետեւանքով հանքի կողամասէն պոկուած հողն ու ցեխը երեքշաբթի օրը ծածկած են տասնեակ աշխատաւորներ։

Քամերունի մամուլին համաձայն՝ փրկարարները ցեխէն դուրս բերած են առնուազն 107 անշնչացած մարմիններ։ Փրկարարական աշխատանքները կը դժուարանան շարունակուող տեղատարափ անձրեւներուն պատճառով։ Ականատեսներու վկայութիւններուն համաձայն՝ առաջին փլուզումէն ետք բազմաթիւ բնակիչներ եւ փրկարարներ հանքավայր հասած են՝ փրկելու համար տուժածները, սակայն երկրորդ սողանքը զանոնք եւս իր տակ առած է՝ զգալիօրէն աւելցնելով զոհերու թիւը։

Երիտասարդներու ողբերգութիւնը

Տասնեակ մարդիկ տակաւին անհետ կորսուած կը համարուին, մինչ վիրաւորները տեղափոխուած են Պապուա քաղաքի հիւանդանոցը, որ Նանա-Մամպերէ շրջանի գլխաւոր քաղաքն է եւ հանքավայրէն շուրջ 50 քիլոմեթր հեռու կը գտնուի։

Զոհերուն մէջ մեծ թիւով երիտասարդներ կան, որոնք աւելի լաւ կեանք մը ապահովելու յոյսով աշխատանքի գացած էին ոսկիի հանքավայրերը։ Կրօնաւոր Մարցելլօ Պարթոլոմէի, որ Բուարի թեմին մէջ Կարմեղոսեան միսիոնար է եւ 44 տարիէ ի վեր կ՚ապրի Կեդրոնական Ափրիկէի Հանրապետութեան մէջ, կը պատմէ 21 տարեկան Իտրիս անունով երիտասարդի մը ընտանիքին հանդիպման մասին։

Պարթոլոմէի կը շեշտէ, որ հանքավայրը վաղուց յայտնի էր իր վտանգաւոր պայմաններով։ Անոր համաձայն՝ հոն տիրող է «վայրի շահագործում»՝ առանց համապատասխան չափանիշներու, ապահովագրութեան կամ ընկերային պաշտպանութեան։ Երիտասարդները, հրապուրուած ոսկիի հանքարդիւնահանման արագ եկամուտներով, ամիսներով կը հեռանան իրենց ընտանիքներէն, կը լքեն դպրոցը կամ գիւղատնտեսական աշխատանքը եւ իրենց կեանքը վտանգի կ՚ենթարկեն։

Անվտանգութեան բացակայութիւնը

Միսիոնարը կը զգուշացնէ, որ այս ողբերգութիւնը պէտք է ստիպէ Պանկուիի կառավարութեան աւելի լրջօրէն զբաղելու հանքավայրերու անվտանգութեան հարցով։ Ան կը նշէ, որ Կեդրոնական Ափրիկէի Հանրապետութեան տարբեր շրջաններու մէջ, մասնաւորաբար Բուարի շրջանին մէջ, ապօրինի հանքարդիւնահանումը կը շարունակուի առանց անհրաժեշտ վերահսկողութեան։

Ոսկիի որոնումները վնաս կը հասցնեն նաեւ գետերուն։ Ըստ Պարթոլոմէիի՝ գետերուն մէջ թունաւոր նիւթեր կը լեցուին, որոնք կը սպաննեն ձուկերը եւ անհնար կը դարձնեն ձկնորսութիւնը։ Որոշ պարագաներու գետերու հուները նոյնիսկ կը փոխուին՝ ծանր վնաս հասցնելով բնական միջավայրին։

Միսիոնարը կը մատնանշէ, որ այս պայմաններուն մէջ մարդկային կեանքի եւ արժանապատուութեան նկատմամբ անհրաժեշտ ուշադրութիւն չի ցուցաբերուիր։ Ան կոչ կ՚ընէ ազգային մակարդակով վերանայելու հանքավայրերու շահագործման քաղաքականութիւնը, բարձրացնելու պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը եւ կանոնակարգելու այդ վայրերը՝ մարդկային կեանքերը պաշտպանելու համար։

«Մարդկային կարիքներն ու մարդկային արժանապատուութիւնը բացարձակապէս նկատի չեն առնուիր։ Այս վիճակը կը պահանջէ վերանայում, գիտակցութեան բարձրացում եւ ազգային մակարդակով պատասխանատուութեան ստանձնում՝ հանքավայրերը կանոնակարգելու համար», կը շեշտէ Մարցելլօ Պարթոլոմէի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

21/08/2026, 09:30