Էպոլայի համաճարակը Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան մէջ. 743 վարակուած երեխաներ, 330 մահ
Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք
Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան Իթուրի նահանգին մէջ Էպոլայի համաճարակը ծանր ազդեցութիւն կը գործէ յատկապէս երեխաներու եւ մայրերու առողջապահական ծառայութիւններու հասանելիութեան վրայ։
UNICEF-ի վերջին տուեալներուն համաձայն՝ 2 Օգոստոս 2026-ի դրութեամբ երեխաներու մօտ հաստատուած է Էպոլայի 743 դէպք, որոնցմէ 330-ը մահացու եղած են։
Կազմակերպութեան համաձայն՝ ասիկա ներկայիս երկրին մէջ արձանագրուած Էպոլայի ամենածանր եւ ամենաարագ տարածուող համաճարակն է։
Համաճարակի հիմնական օճախներուն մէջ՝ Բունիա, Մոնկպվալու, Նիզի եւ Ռուամփարա, Ապրիլէն Յունիս 2026 առողջապահական հիմնական ծառայութիւններու օգտագործումը նուազած է 42 տոկոսով։ Ամբողջ Իթուրի նահանգին մէջ անկումը կը գնահատուի 13 տոկոսի։
Յատկապէս մտահոգիչ է մանկական պատուաստումներու անկումը։ Մոնկպվալուի մէջ կարմրուկի պատուաստման առաջին դեղաչափը նուազած է 69 տոկոսով։ Մայիս եւ Յունիս ամիսներուն առողջապահական հաստատութիւնները նախորդ ամսուան համեմատ աւելի քան 23 հազարով պակաս մանկական պատուաստումներ կատարած են։
Տուժած են նաեւ մայրական առողջապահական ծառայութիւնները։ Առողջապահական հաստատութիւններու մէջ կատարուած ծնունդները ամբողջ նահանգին մէջ նուազած են 13 տոկոսով, իսկ որոշ շրջաններու մէջ՝ մինչեւ 70 տոկոսով։ Նախածննդեան առաջին այցելութիւնները եւս զգալիօրէն նուազած են։
UNICEF-ը կը զգուշացնէ, որ առողջապահական ծառայութիւններու ընդհատումը կրնայ մեծցնել ոչ միայն Էպոլայի, այլ նաեւ կանխարգիլելի հիւանդութիւններու, ինչպէս՝ մալարիայի եւ փորհարութեան հետեւանքով մահերու վտանգը։
Համաճարակին դէմ պայքարին համար UNICEF-ը եւ իր գործընկերները, Առողջապահութեան նախարարութեան, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան եւ Africa CDC-ի հետ համագործակցաբար, մօտ 13 հազար համայնքային աշխատողներ եւ մասնագէտներ գործի կոչած են։ Անոնք աւելի քան 2.4 միլիոն անձի հասած են կանխարգելման եւ վաղ ախտորոշման մասին տեղեկութիւններով, իսկ 505 հազար տնային այցելութիւններ կատարուած են՝ բնակչութեան վստահութիւնը վերականգնելու եւ կասկածելի դէպքերը առողջապահական կեդրոններ ուղղելու նպատակով։
UNICEF-ի շեշտադրումով՝ այժմ առաջնահերթ է ապահովել, որ առողջապահական կեդրոնները մնան բաց, ապահով եւ վստահելի՝ միաժամանակ պաշտպանելով երեխաները եւ մայրերը ու կանխելով նոր համաճարակներու տարածումը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.