Նեփալ. ձիւնահոսք եւ ջրհեղեղներ երկրին հիւսիսային շրջանը. հարիւրներով անհետ կորսուածներ
Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք
Սառոյցի եւ ժայռերու ձիւնահոսք մը, ապա գետերու յանկարծակի հեղեղումը, որ կը քանդէ գիւղեր, ճամբաներ եւ ենթակառոյցներ: Ասիկա պատահեցաւ Չորեքշաբթի, 26 Օգոստոսին, Նեփալի հիւսիսը, ուր Թիպէթի սահմանակից Ռասուայի շրջանը ենթարկուեցաւ զօրաւոր ջրհեղեղներու: Առաւօտեան ժամը 9-ի ատենները, Փոթէ Քոշի գետը դուրս ելաւ իր հունէն՝ մեծ վնասներ պատճառելով նաեւ շրջանի ջրելեկտրական կայաններուն:
Աղէտը պատճառած է հարիւրաւոր զոհեր եւ ընդհանուր առմամբ աւելի քան 1.300 անհետ կորսուածներ։ Նեփալի զբօսաշրջութեան մարմնին համաձայն, կը պակսին առնուազն 403 ճամբորդներ, որոնցմէ 341-ը օտարերկրացի քաղաքացիներ են (որոնց 105-ը՝ հնդիկ): Իտալիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ շրջանին մէջ կը գտնուէին առնուազն 90 իտալացի քաղաքացիներ: Զոհերու հաշուեկշիռը, որ տակաւին ժամանակաւոր է, վերջին ժամերուն բարձրացած է աւելի քան 165-ի:
Վնասները
Ջրհեղեղը կործանած է կամուրջներ եւ շուրջ 40 քլ. ճամբայ՝ մեկուսացնելով զանազան համայնքներ եւ դժուարացնելով փրկարարական աշխատանքները: Իսկ Թրիշուլի գետի մէկ հատուածին մէջ, ջուրի մակարդակը բարձրացած է շուրջ 9 մեթր՝ ընդամէնը 30 վայրկեանի ընթացքին:
Փրկարարական աշխատանքները
Բանակը, ոստիկանութիւնը եւ Զինեալ Ոստիկանական Ուժերը լծուած են որոնման եւ փրկարարական աշխատանքներուն: Անօդաչու թռչող սարքեր (drones) կը գործածուին աղէտեալ շրջանները քարտէսագրելու եւ անջատուած մնացած անձերը գտնելու համար: Որոնումները կը կեդրոնանան նաեւ Ռասուակահիի մաքսատան եւ նաւահանգիստի գօտիին մէջ, ուր մտավախութիւն կայ` որ որոշ անձեր թաղուած մնացած են:
Ջուրի յանկարծակի ալիքը
Քաթմանտուի Լեռներու համարկուած զարգացման միջազգային կեդրոնի մասնագէտներուն համաձայն, ջրհեղեղը պատճառուած է Հիմալայայի նեփալեան լանջին գտնուող սառցադաշտէ մը առաջացած սառոյցի եւ ժայռերու ձիւնահոսքէ մը: Իյնող նիւթերը փակած են Լհենտէ Խոլան՝ Փոթէ Քոշիի օժանդակ գետակը, պատճառ դառնալով ճանապարհին դէպի դաշտավայր ջուրի յանկարծակի ալիքի մը: Իշխանութիւնները հրաւիրած են Փոթէ Քոշի, Թրիշուլի եւ Նարայանի գետերուն եզերքները ապրող բնակիչները հեռանալու ափերէն եւ հասնելու ապահով վայրեր:
Նեփալի կառավարութիւնը նաեւ աջակցութիւն խնդրած է Հնդկաստանէն եւ Խթայէն (Չինաստանէն): Չինական կողմը, Նախագահ Սի Ճինփինկ կարգադրած է փրկարարներու զօրաշարժի ենթարկումը, երբ հողասահքերն ու ջրհեղեղները խափանած են դէպի Կյիրոնկ լեռնանցք տանող ճամբաները, ինչպէս նաեւ հաղորդակցութիւններն ու ելեկտրականութեան մատակարարումը:
Հինտու Քուշ-Հիմալայայի խոցելիութիւնը
Առաջին անգամը չէ, որ շրջանը թիրախ կը դառնայ այս տարողութեամբ երեւոյթի մը կողմէ: Անցեալ տարուան Օգոստոսին, դրացի Թիպէթի մէջ սառցադաշտային լճակի մը հորդիլը պատճառեց ինն զոհ եւ վնասեց էական ենթակառոյցներ, որոնց շարքին՝ Նեփալն ու Չինաստանը իրարու կապող կամուրջ մը:
Գիտնականներու ահազանքը
Մասնագէտները երկար ատենէ ի վեր կը զգուշացնեն Հինտու Քուշ-Հիմալայա շրջանի յատուկ խոցելիութեան մասին, ուր ջերմաստիճանի բարձրացումը կ՛ արագացնէ սառցադաշտերու հալումը եւ կը մեծցնէ հողասահքերու եւ յանկարծակի ջրհեղեղներու վտանգը: Քաթմանտուի կեդրոնի հետազօտութիւններուն համաձայն, 2000 թուականէն ի վեր շրջանին մէջ սառոյցի կորուստի ռիթմը կրկնապատկուած է։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.