Որոնել

2026.08.24 Libano Rimini

«Ռիմինիի Միթինկ»-ին առիթով ցուցահանդէս նուիրուած Լիբանանին

«Լիբանան․ Գեղեցկութիւնը, վէրքերը, յոյսը» ցուցահանդէսը, որ կազմակերպուած է Ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան հանդիպման ընթացքին, կը պատմէ պատերազմներէ, տնտեսական տագնապէ եւ արտագաղթէ դրոշմուած, բայց տակաւին վերսկսելու կարող Երկրի մը մասին։ Համայնքներու եւ հաւատքներու խճանկար մը, որ արդէն մէկ դարէ ի վեր համակեցութեան մէջ կը փնտռէ ապագայի հնարաւոր ուղի մը։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

«Շուշան մը փուշերու մէջ»․ այսպէս է` որ Լեւոն Ժ. Պապը 16-րդ դարու սկիզբը կը բնորոշէր լիբանանեան եկեղեցին, որ Սուրիոյ եւ Պաղեստինի միջեւ գտնուող ժողովուրդներու բարդ խճանկարին մէջ տեղադրուած է։ Այս մէկը «Լիբանան․ Գեղեցկութիւնը, վէրքերը, յոյսը» ցուցահանդէսի մէջ տեղ գտած ամենագեղեցիկ մէջբերումներէն մէկն է։ Ցուցահանդէսը կը ներկայացուի Ռիմինիի «Ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան հանդիպում»ին ընթացքին։

Քահանայապետերու կապը Լիբանանին հետ

Վերնագրին մէջ առաջինը «գեղեցկութիւն» բառն է, եւ ասիկա պատահական չէ։ Անով կը շեշտուի լիբանանցի ժողովուրդին վերակառուցելու անսպառ կամքը եւ այն յոյսի լոյսը, որ բազմաթիւ վէրքերը չեն կրցած մարել։

Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապին համաձայն՝ Լիբանանը միայն երկիր մը չէ, այլ գործնական բազմակարծութեան օրինակ մը եւ համակեցութեան փորձադաշտ մը։ Կարդինալ Անճելօ Սքոլա, պատմելով Լիբանան կատարած իր այցելութեան մասին, կը յիշէ ժողովուրդին «աննկուն կեանքի փափաքը» եւ անոնց վերակազմակերպուելու ու նոր սկիզբ տալու կարողութիւնը։

Այս տոկունութիւնն ու վերականգնելու կամքը Լիբանանը առանձնապէս սիրելի դարձուցած էին Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապին եւ կարեւոր դեր տուած էին անոր՝ իսլամա-քրիստոնէական երկխօսութիւնը զարգացնելու տեսլականին մէջ։

Դարեր շարունակ Լիբանանի եւ Հռոմի միջեւ կապը չէ խզուած։

Համակեցութեան փորձադաշտ մը

«Լիբանան․ Գեղեցկութիւնը, վէրքերը, յոյսը» կը պատմէ պատերազմներէ, տնտեսական տագնապէ, աղքատութենէ եւ արտագաղթէ խորապէս տուժած, բայց տակաւին ապագային նայելու կարող Երկրի մը մասին։

Լիբանանը կը ներկայացուի իբրեւ համակեցութեան իսկական փորձադաշտ, ուր քրիստոնեաներն ու մահմետականները արդէն մէկ դարէ ի վեր կը ջանան միասին ապրիլ՝ համայնքներու բազմազանութեան վրայ հիմնուած դրութեան մը միջոցաւ։ 1926-ի Սահմանադրութիւնը այս ուղիի հիմնական հանգրուաններէն մէկն է։

Սակայն վէրքերը տակաւին խոր են․ 2019-ին սկսած տնտեսական տագնապը, տագնապներու հետեւանքները, Պէյրութի նաւահանգիստի 2020-ի պայթումը, ինչպէս նաեւ առողջապահութեան, աշխատանքի եւ կրթութեան դժուար մատչելիութիւնը մղած են բազմաթիւ երիտասարդներ լքելու երկիրը։ Պաղեստինցի եւ սուրիացի տեղահանուածները եւս մեծ մարդասիրական մարտահրաւէր մը կը ներկայացնեն։

Վերակառուցել

Հակառակ այս բոլորին, ցուցահանդէսը կը միտի անցնիլ պատերազմի լուրերէն անդին եւ պատմել այն մարդոց մասին, որոնք կը շարունակեն վերակառուցել։

Վերաբացուող դպրոցները, բուժող բժիշկները, օգնող կամաւորներն ու վերսկսիլ փորձող ընտանիքները տակաւին կենդանի յոյսի մը իրական նշաններն են։

Ցուցահանդէսն ի յայտ եկած Կեդրոնական պատգամն է թէ Լիբանանի պատմութիւնը բաղկացած չէ միայն տագնապներէ եւ տառապանքէ, այլ նաեւ քաջութենէ, զօրակցութենէ եւ խաղաղութեան ձգտումէ։ Յոյսը կը դիմանայ ճիշդ անոնց առօրեայ կեանքին մէջ, որոնք, դժուարութիւններուն հակառակ, կ՛ ընտրեն շարունակել կերտել ապագան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

25/08/2026, 11:18