Միջերկրական. նաւակին մէջ՝ եօթը մահացած, 50 գաղթական փրկուած
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Կեդրոնական Միջերկրականի մէջ «Life Support» փրկարար նաւը Լիպիական SAR գօտիի միջազգային ջուրերուն մէջ փրկած է 50 գաղթականներ, որոնց մէջ՝ 29 անչափահասներ առանց ընկերակցողի։ Փրկուածներուն մէջ կան նաեւ հինգ կին, մինչդեռ նաւակին մէջ յայտնաբերուած են եօթը մահացած անձերու մարմինները։
Երկու փրկուածներու վիճակը ծանր է. անոնք, ըստ «Emergency»-ի, շնչահեղձութեան հետեւանքներ կը կրեն՝ ամբողջ ճանապարհորդութիւնը նաւակին ներքնամասի մէջ անցուցած ըլլալով։ Փրկուածները, որոնք Սոմալիայէն եւ Եգիպտոսէն են, պատմած են, թէ Լիպիոյ Զուվարա քաղաքէն ճամբայ ելած էին Կիրակի՝ 16 Օգոստոսին։
«Emergency»-ի փրկարարական նաւը փրկութեան գործողութիւնը կատարած է լուսաբացին՝ Լիպիական առափնեայ պահակախումբի նաւակի մը ներկայութեամբ։ Փրկութենէն ետք «Emergency» խնդրած է մօտիկ նաւահանգիստ մը՝ նկատի ունենալով փրկուածներու ծանր վիճակը։ Իտալական իշխանութիւնները իբրեւ իջեցման նաւահանգիստ նշանակած են Պարիի նաւահանգիստը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.