Որոնել

Թուրքիան, Փաքիստանը եւ Սէուտական Արաբիան եռակողմ պաշտպանական համաձայնագիր ստորագրեցին։ Թուրքիան, Փաքիստանը եւ Սէուտական Արաբիան եռակողմ պաշտպանական համաձայնագիր ստորագրեցին։ 

Մեքքայի մէջ Թուրքիա – Սէուտական Արաբիա – Փաքիստան պաշտպանութեան համաձայնագիր

Սէուտական Արաբիան, Թուրքիան եւ Փաքիստանը Մեքքայի մէջ ստորագրեցին «Միացեալ պաշտպանութեան Մեքքայի համաձայնագիր»-ը, որ երեք երկիրներէն մէկուն դէմ զինեալ յարձակումը բոլորին դէմ յարձակում կը նկատէ եւ կը նպատակադրէ ամրապնդել անոնց անվտանգութիւնն ու պաշտպանական գործակցութիւնը։ Պաշտօնատարները շեշտեցին, որ համաձայնագիրը բացառապէս պաշտպանական բնոյթ ունի, որեւէ երկրի դէմ ուղղուած չէ եւ կը միտի նպաստել շրջանի անվտանգութեան, խաղաղութեան ու կայունութեան։

Սէուտական Արաբիան, Թուրքիան եւ Փաքիստանը երէկ Մեքքայի մէջ ստորագրեցին «Միացեալ պաշտպանութեան Մեքքայի համաձայնագիր»-ը, որ շրջանային ազդու երեք երկիրներուն միջեւ գործակցութիւնը պիտի ամրապնդէ:

Երեք երկիրներուն հրապարակած հաղորդագրութիւնը նշեց, որ համաձայնագիրը երեք երկիրներէն որեւէ մէկուն վրայ զինեալ յարձակում մը բոլորին վրայ յարձակում կը նկատէ եւ կը ծառայէ անոնց անվտանգութեան ամրապնդման ու անոնց միջեւ պաշտպանական գործակցութեան ոլորտներու ընդլայնման:

Հաղորդագրութիւնը աւելցուց, որ համաձայնագիրի ստորագրութիւնը կ՛արտացոլէ երեք պետութիւններուն իրենց հասարակաց անվտանգութիւնը ամրապնդելու եւ շրջանին ու աշխարհին վրայ անվտանգութեան, խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման նախանձախնդրութիւնը` ձգտելով աւելի ապահով ու բարգաւաճ ապագայի մը:

Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալման իշխանը, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանն ու Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շարիֆը համաձայնագիրը ստորագրեցին շրջանին մէջ Իրանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի միջեւ պատերազմի, ինչպէս նաեւ Թեհրանի աջակցութիւնը վայելող հուսիներու եւ Ռիատի միջեւ հակամարտութեան վերանորոգման ու իրաքեան զինեալ խմբաւորումներու կողմէ թագաւորութեան վրայ յարձակումներու պայմաններուն մէջ:

Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընդգծեց, որ ստորագրուած համաձայնագիրը երեք երկիրներէն որեւէ մէկուն վրայ յարձակում մը հաւասարապէս երեքին դէմ յարձակում կը նկատէ:

Թուրք պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ, Թուրքիոյ եւ Փաքիստանի միջեւ կնքուած համաձայնագիրը բացառապէս պաշտպանական բնոյթի է, որեւէ կողմի դէմ չէ ուղղուած եւ որեւէ երկկողմ կամ բազմակողմ համաձայնագիր չի ջնջեր կամ զայն չի փոխարիներ, ինչպէս նաեւ անոր շրջանային այլ երկիրներ կրնան միանալ:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Պըն Ֆարհան իշխանը յայտնեց. «Մեքքայի միացեալ պաշտպանութեան համաձայնագիրը կը հաստատէ երեք երկիրներուն միջեւ եղբայրական ու ռազմավարական յարաբերութիւններու խորութիւնը եւ կարեւոր փուլ է անոնց պաշտպանութեան համագործակցութեան մէջ, որ գագաթնակէտին կը հասնի շրջանի անվտանգութեան ու կայունութեան ազդող մարտահրաւէրները եւ սպառնալիքները դիմակայելու ջանքերը միաւորելու անոնց միացեալ ցանկութեամբ»:

«Համաձայնագիրը կը մարմնաւորէ երեք երկիրներու միացեալ քաղաքական կամքը` պաշտպանելու անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ աջակցելու աւելի անվտանգ շրջանային միջավայրի մը ստեղծման, որ կը ծառայէ մեր երկիրներուն ու անոնց ժողովուրդներուն, դրական անդրադարձ կ՛ունենայ ամբողջ շրջանին վրայ եւ ճամբայ կը հարթէ անվտանգ ապագայի, ուր զարգացման եւ բարգաւաճման կարելիութիւնները կ՛ընդլայնուին», նշեց Պըն Ֆարհան:

Սէուտական դիւանագիտութեան պետը նաեւ շեշտեց. «Մեքքայի համաձայնագիրը միացեալ պաշտպանութեան համար է, եւ ոչ թէ որեւէ երկու երկիրներու միջեւ լարուածութեան մագլցում»:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

08/08/2026, 09:30