Լիբանանի մէջ մահապատիժը ջնջուեցաւ
Երէկ առաւօտեան ընթացք առաւ խորհրդարանի օրէնսդրական լիագումար նիստը, որուն սկիզբը երեսփոխանները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին խորհրդարանի մահացած նախկին փոխնախագահ Միշէլ Մաալուլիի յիշատակը:
Խորհրդարանը որդեգրեց Լիբանանի մէջ մահապատիժը ջնջող օրինագիծը` զայն բարեփոխելէ ետք: Ըստ բարեփոխումին, այս օրինագիծի որդեգրումէն առաջ գործուած ոճիրները փոխան մահապատիժի ցկեանս բանտարկութեամբ կը պատժուին, իսկ որդեգրումէն ետք գործուածները խստացուած դրութեամբ ցկեանս բանտարկութեամբ:
Երեսփոխան Նեպիլ Պատր քննադատեց խստացուած դրութեամբ ցկեանս բանտարկութեան կէտը` նշելով. «Նոր պատիժ կը հնարենք»: Երեսփոխան Մըլհեմ Խալաֆ պատասխանեց. «Մահապատիժը ջնջելու պարագային, պէտք է զայն մէկ այլ պատիժով փոխարինենք»:
Խորհրդարանը երէկ երեկոյեան նիստի ընթացքին առանց որեւէ բարեփոխման որդեգրեց տեղեկատուութեան օրինագիծը:
Լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ պաշտպանութեան նախարարին ու վարչապետին միջեւ բուռն վէճ տեղի ունեցած է, եւ վերջինս նախարարին արգիլած է խորհրդարանական նիստին մասնակցիլ: Նիստի ընթացքին պաշտպանութեան նախարար Մնասսայի համաներումի օրէնքի օրակարգի քննարկման ընթացքին խօսք մը արտասանելու եւ բանակի հրամանատարութեան դիրքորոշումը փոխանցելու հարցը վերածուեցաւ վարչապետի իրաւասութեան ու գործադիր իշխանութեան դիրքորոշման արտայայտման մեքանիզմի շուրջ բուռն վէճի նիւթի, եւ խորհրդարանին մէջ լարուած մթնոլորտ ստեղծուեցաւ:
Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ օրակարգի քննարկման ընթացքին խօսք առնելով յայտնեց, որ պաշտպանութեան նախարարին յայտնած է, թէ ինք կառավարութեան անունով պիտի խօսի, ուստի կառավարական այլ խօսքի կարիք չկայ, եւ հերքեց, թէ նախարարէն պահանջած է խորհրդարանական նիստին ներկայ չըլլալ:
Երեկոյեան ժամը 9:00-ին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նիստը յետաձգեց այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.