Որոնել

Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն  (ANSA)

4 օգոստոսի պայթումի 6-ամեակին առիթով` Աուն. «Ամբաստանութեան հրապարակումը անհրաժեշտութիւն մըն է, որ յաւելեալ սպասում չի հանդուրժեր»

Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի վեցերորդ տարելիցին կոչ ուղղեց առանց յաւելեալ ուշացման հրապարակելու ամբաստանութիւնը՝ շեշտելով, որ ճշմարտութիւնը, արդարութիւնը եւ հաշուետուողականութիւնը չեն կրնար այլեւս հետաձգուիլ։ Ան ընդգծեց, որ ժողովուրդը չի կրնար վերագտնել իր վստահութիւնը պետական հաստատութիւններուն նկատմամբ, քանի դեռ արդարադատութեան ընթացքը ամբողջութեամբ չէ աւարտած։

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի 6-ամեակին առիթով շեշտեց, թէ ամբաստանութեան հրապարակումը անհրաժեշտութիւն մըն է, որ յաւելեալ սպասում չի հանդուրժեր:

«Ամէն տարի այս օրը ամբողջ Լիբանանը կը կանգնի չբուժուած վէրքի եւ չմարած յիշողութեան առջեւ: Մենք կը յիշենք այն պահու սարսափը, երբ Պէյրութը մինչեւ խորքը ցնցուեցաւ, երբ նաւահանգիստը` տնտեսութեան կենսական կարեւորութիւն ունեցող աղբիւրը, վերածուեցաւ ժամանակակից պատմութեան մէջ աննախադէպ ողբերգութեան թատերաբեմի: Ատիկա պայթում էր, որ փոխեց մայրաքաղաքի դէմքը, խլեց անմեղ կեանքեր, հարիւրաւոր վիրաւորներ ձգեց եւ պատճառեց աւերներ, որոնք նախքան սրտերուն դպնալը` քարերուն դպան», ըսաւ ան:

«Այսօր մենք կը յիշենք անարդարօրէն ինկած իւրաքանչիւր նահատակը եւ իւրաքանչիւր ընտանիքը, որ տարիներ շարունակ սպասած է իր կատարած զոհողութեան արժանի պատասխանի: Մենք կը յիշենք այն երեխաները, որոնք զրկուած են իրենց հայրերու եւ մայրերու գրկախառնութենէն, եւ այն մայրերը, որոնք տակաւին արդարութեան կը սպասեն աւելի քան ցաւը ջնջելու համար ժամանակին», աւելցուց հանրապետութեան նախագահը:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ այս տարելիցը միայն սուգի պահ չէ, այլ աւելի շատ մնայուն յիշեցում պարտականութեան մը, որ ենթակայ չէ վաղեմութեան ժամկէտի. ճշմարտութեան, արդարութեան եւ հաշուետուողականութեան պարտականութիւնը:

Ան ընդգծեց, որ վէրքը պիտի չսպիանայ, եւ ժողովուրդը պիտի չվերականգնէ իր հաստատութիւններուն նկատմամբ վստահութիւնը, քանի տակաւին արդարադատութեան հոլովոյթը չէ աւարտած:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

04/08/2026, 07:00