2026.08.27 Marianna Kevorkian conquista un nuovo premio

Քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեան նոր յաղթանակ մը արձանագրեց

Մարիաննա Գէորգեան միջազգային բեմերուն վրայ հպարտութեամբ կը ներկայացնէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, հայկական դրօշը, հայկական արուեստն ու ազգային նուագարանը՝ քանոնը։ Իր ելոյթներով ան ոչ միայն կը փառաւորէ հայկական երաժշտութիւնը, այլեւ օտար հանդիսատեսին կը ներկայացնէ հայ մշակոյթի հարուստ ժառանգութիւնը։

Ուրախութեամբ տեղեկացանք, որ տաղանդաշատ քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեան հեղինակաւոր ICMA (InterContinental Music Awards) միջազգային մրցոյթին «Լաւագոյն երաժիշտ» անուանակարգին մէջ արձանագրած է փայլուն յաղթանակ՝ արժանանալով «Լաւագոյն երաժիշտ» տիտղոսին։

Այս յաջողութիւնը առաւել նշանակալից կը դառնայ, նկատի ունենալով մրցոյթի միջազգային լայն ընդգրկումը։ Մասնակից երկիրներուն թիւը անցած է 100-ը, իսկ մասնակից երաժիշտներուն թիւը՝ 3500-ը։ Այսպիսի մեծ մրցակցութեան պայմաններուն մէջ Մարիաննա Գէորգեանի արձանագրած յաղթանակը եւս մէկ անգամ կը վկայէ անոր բարձր մասնագիտական մակարդակին եւ արուեստագիտական բացառիկ կարողութիւնները։

Մարիաննա Գէորգեան միջազգային բեմերուն վրայ հպարտութեամբ կը ներկայացնէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, հայկական դրօշը, հայկական արուեստն ու ազգային նուագարանը՝ քանոնը։ Իր ելոյթներով ան ոչ միայն կը փառաւորէ հայկական երաժշտութիւնը, այլեւ օտար հանդիսատեսին կը ներկայացնէ հայ մշակոյթի հարուստ ժառանգութիւնը։

Քանոնահարուհիին այս վերջին յաջողութիւնը առաջինը չէ։ 2025-ին ան արժանացած է Global Icon Awards-ի «Համաշխարհային խորհրդանիշ վիրտուոզ երաժիշտ» տիտղոսին, իսկ 2020-ին՝ World Folk Vision միջազգային մրցոյթի գլխաւոր մրցանակին։ Ան նաեւ բազմաթիւ միջազգային մրցումներու առաջին կարգի դափնեկիր է։

Մարիաննա Գէորգեան իր ստեղծագործական գործունէութիւնը կը շարունակէ նաեւ հայրենիքի մէջ։ Ան Կոմիտասի անուան Կամերային երաժշտութեան ազգային կեդրոնի «Տաղարան» հնագոյն երաժշտութեան համոյթի մենակատար քանոնահարուհին է, որուն գեղարուեստական ղեկավարն է Սեդրակ Երկանեան։

Մարիաննա Գէորգեանի իւրաքանչիւր նոր յաղթանակ հայկական երաժշտութեան եւ ազգային մշակոյթի հերթական փառաւոր ներկայացումն է միջազգային բեմերու վրայ։ Անոր նուիրումն ու հետեւողական աշխատանքը նոր շունչ կը հաղորդեն քանոնի արուեստին եւ կը փաստեն, որ հայկական ազգային նուագարանը կրնայ իր արժանի տեղը ունենալ համաշխարհային երաժշտական բարձրագոյն բեմերուն վրայ։

Թղթակից

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

27/08/2026, 10:09