Որոնել

Տերսիմի Ս. Յարութիւն հայկական եկեղեցին Տերսիմի Ս. Յարութիւն հայկական եկեղեցին  

Տերսիմի հայկական մեծագոյն Եկեղեցին փլուզման եզրին է

Տերսիմի Հոզաթ գաւառի Կեչիմլի գիւղին մէջ գտնուող 975-ին կառուցուած հազարամեայ Սուրբ Յարութիւն հայկական եկեղեցին, տարիներ շարունակ անխնամ մնալով, այսօր փլուզման անմիջական վտանգի տակ է եւ վնասուած է թէ՛ բնական պայմաններու, թէ՛ գանձախոյզներու ապօրինի գործողութիւններուն հետեւանքով։ Գիւղի բնակիչները կը պահանջեն եկեղեցւոյ վերականգնումը՝ որպէս պատմական եւ կրօնական ժառանգութեան կարեւոր կեդրոն, մինչդեռ եկեղեցին 1915-էն ի վեր չէ գործած եւ անոր պատերուն վրայ տակաւին պահպանուած են հայատառ արձանագրութիւններ։

Քարաշէն ճարտարապետութեամբ, կամարակապ մուտքով եւ պատերու քանդակազարդերով յատկանշուող եկեղեցին Տերսիմի բազմամշակութային անցեալի կարեւորագոյն վկաներէն մէկը կը նկատուի։ Սակայն կառոյցը երկար տարիներէ ի վեր չէ վերանորոգուած եւ շարունակաբար կը վնասուի թէ՛ բնական պայմաններու եւ թէ գանձախոյզերու ապօրինի գործողութիւններուն հետեւանքով։ Եկեղեցւոյ քարերէն մաս մը վնասուած կամ գողցուած է, մինչ մնացեալ պատերուն վրայ զանազան գրութիւններ արձանագրուած են։

Թէեւ 2012ին Էրզրումի մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան խորհուրդը ընդունած էր Թունճելիի նահանգային մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան դիմումը՝ եկեղեցւոյ պահպանութեան անհրաժեշտութեան վերաբերեալ, սակայն մինչեւ այսօր վերականգնման կամ պահպանութեան որեւէ աշխատանք չէ կատարուած։

Քրտական «Ռուտաու» լրատուամիջոցին համաձայն՝ գիւղի բնակիչները կը պահանջեն, որ հայկական եկեղեցին վերականգնուի եւ վերածուի հաւատքի ու մշակութային զբօսաշրջութեան կարեւոր կեդրոնի։ Գիւղի բնակիչ Հայրի Եըլտըզ, քննադատելով պետական մարմիններու անտարբերութիւնը, նշած է, որ գիւղացիները պատրաստ են իրենց կարգին պաշտպանելու պատմական կառոյցը։ Մէկ այլ բնակիչ՝ Մեհմետ Օղուզ, շեշտած է, որ պատմական եւ կրօնական արժէքները պէտք է պահպանուին, այլապէս անոնք վերջնականապէս պիտի կորսուին։

975ին կառուցուած Էրկանի վանքը կը նկատուի Տերսիմի հայկական մեծագոյն եկեղեցին։ Կառոյցի ներքին պատերուն վրայ մինչեւ այսօր պահպանուած են հայատառ արձանագրութիւններ։ Պատմական վկայութիւններու համաձայն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն Էրկանի վերջին քահանան ողջակիզուած է նոյն եկեղեցիին մէջ։ Սուրբ Յարութիւն եկեղեցին 1915էն ի վեր դադրած է գործելէ։

Աղբիւրը՝ Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

20/08/2026, 10:41