Որոնել

2026.08.25 Iniziativa di solidarietà per la Chiesa dei Quaranta Martiri di Iskenderun

Համերաշխութեան ձեռնարկ՝ Իսքենտէրունի Ս. Քառասուն Մանուկ եկեղեցւոյ վերականգնման համար

Իր քարոզին մէջ Պատրիարք Հայրը ընդգծած է քրիստոնէական սիրոյ գործնական դրսեւորումներուն կարեւորութիւնը։ Ան յիշեցուցած է, որ երկրաշարժը ծանր հարուած հասցուցած է Հաթայի հայ համայնքին եւ եկեղեցւոյ, որ պատմական ու հոգեւոր կարեւոր ժառանգութիւն կը ներկայացնէ։
Ունկնդրէ լուրը

2023-ի Քահրամանմարաշի երկրաշարժէն ծանրօրէն վնասուած Իսքենտէրունի Ս. Քառասուն Մանուկ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ վերականգնման աջակցելու նպատակով Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպուած է համերաշխութեան ձեռնարկ։

Ձեռնարկին ընթացքին մատուցուած է Ս. Պատարագ՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ։ Ներկայ գտնուած են Պոլսոյ հայկական համայնքի տարբեր հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Իսքենտէրունի Ս. Քառասուն Մանուկ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի անդամներ։

Իր քարոզին մէջ Պատրիարք Հայրը ընդգծած է քրիստոնէական սիրոյ գործնական դրսեւորումներուն կարեւորութիւնը։ Ան յիշեցուցած է, որ երկրաշարժը ծանր հարուած հասցուցած է Հաթայի հայ համայնքին եւ եկեղեցւոյ, որ պատմական ու հոգեւոր կարեւոր ժառանգութիւն կը ներկայացնէ։

Ծխական խորհուրդի ատենապետ Եուսուֆ Թապաշեան տեղեկութիւններ փոխանցած է եկեղեցւոյ ներկայ վիճակին մասին։ Ան յայտնած է, որ եկեղեցւոյ քանդման որոշումը կասեցուած է, սակայն գլխաւոր աղօթասրահը, տանիքը եւ պատերը տակաւին լուրջ կառուցուածքային վնասներ ունին։ Երկրաշարժէն ի վեր պատարագները կը կատարուին ժամանակաւոր պայմաններու մէջ։

Եկեղեցւոյ ամբողջական վերականգնման ծրագիրը կը գնահատուի շուրջ 77 միլիոն թրքական լիրա, մինչդեռ պետութիւնը մինչեւ այժմ տրամադրած է 5 միլիոն լիրա։ Մնացեալ գումարի զգալի մասը նախատեսուած է ապահովել համայնքի եւ բարերարներու նուիրատուութիւններով։

Ձեռնարկը առիթ եղած է նաեւ յիշելու երկրաշարժի զոհերը եւ երախտագիտութիւն յայտնելու բոլոր անոնց, որոնք իրենց աջակցութիւնը կը ցուցաբերեն եկեղեցւոյ եւ շրջանի հայ համայնքի վերականգնման աշխատանքներուն։ Կազմակերպիչները ընդգծած են, որ Ս. Քառասուն Մանուկ եկեղեցւոյ վերաշինութիւնը ոչ միայն շինարարական, այլեւ համայնքային ու հոգեւոր ժառանգութեան պահպանման գործ է։

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

25/08/2026, 08:26