2026.08.24 Nuovo Centro IA a Hrazdan in Armenia

«Firebird»-ի արհեստական բանականութեան կեդրոնը Հրազդանի մէջ

Նոր կեդրոնը հաշուողական մեծ կարողութիւններ պիտի տրամադրէ հայաստանեան ծրագրաւորողներուն, նորաստեղծ ընկերութիւններուն, համալսարաններուն եւ պետական հաստատութիւններուն՝ հնարաւորութիւն տալով արհեստական բանականութեան լուծումները զարգացնել Հայաստանի մէջ։

Օգոստոս 8-ին Հրազդանի մէջ բացուեցաւ «Firebird» ընկերութեան արհեստական բանականութեան կեդրոնի առաջին բաժինը։ 500 միլիոն տոլարէ աւելի արժողութեամբ այս նախագիծը Հայաստանի մէջ արհեստական բանականութեան զարգացման համար կարեւոր նոր քայլ մըն է, իսկ ամբողջ ծրագիրի ներդրումը նախատեսուած է հասցնել շուրջ 5 միլիառ տոլարի։

Կեդրոնը իր աշխատանքը կը սկսի 6144 NVIDIA GPU-ներով, իսկ մինչեւ 2027-ի վերջը նախատեսուած է այդ թիւը հասցնել 70.000-էն աւելիի՝ 300 մեգաուաթ հաշուողական հզօրութեամբ։ Ծրագիրը կը ղեկավարուի հայ համահիմնադիրներ Ռազմիկ Յովակիմեանի եւ Ալեքսանտր Եսայեանի կողմէ եւ ապագային պիտի ընդլայնուի նաեւ Ղազախստան եւ այլ շուկաներ։

Հրազդանի մերձակայքին կառուցուած կեդրոնը կը տարածուի շուրջ 200.000 քառակուսի մեթրի վրայ եւ կ՛օգտագործէ NVIDIA-ի ու Dell Technologies-ի առաջատար համակարգերը։ Անոր կարեւոր յատկութիւններէն մէկը փակ շրջափուլով զովացման համակարգն է, որ աշխատանքի ընթացքին ջուր չի սպառեր։

Նոր կեդրոնը հաշուողական մեծ կարողութիւններ պիտի տրամադրէ հայաստանեան ծրագրաւորողներուն, նորաստեղծ ընկերութիւններուն, համալսարաններուն եւ պետական հաստատութիւններուն՝ հնարաւորութիւն տալով արհեստական բանականութեան լուծումները զարգացնել Հայաստանի մէջ։

«Firebird»-ի ծրագիրը, որ շինարարութենէն մինչեւ գործարկման պատրաստ վիճակ հասած է ընդամէնը վեց ամսուան մէջ, նպատակ ունի Հայաստանը վերածելու արհեստական բանականութեան կարեւոր հաշուողական կեդրոնի։

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

24/08/2026, 07:38