«Համաս խոստացաւ զինաթափուիլ, իսկ Իսրայէլ` նախկին խոստումներ կատարել» կ՛ըսէ խաղաղութեան խորհուրդը
Կազայի Խաղաղութեան խորհուրդը յայտարարեց, թէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն եւ խորհուրդի պաշտօնատարները «Միացեալ Նահանգներու նախագահի 20 կէտերէ բաղկացած ծրագիրի ամբողջական գործադրութեան ուղղութեամբ ընթանալը շարունակելու շուրջ խոր ու շինիչ բանակցութիւններ» վարած են:
Համաձայնութիւն գոյացած է, որ իսրայէլեան ուժերը Համասի ամբողջական զինաթափումէն եւ Կազայի ամբողջական, ներառեալ թեթեւ ու ծանր զէնքերէն եւ փապուղիներէն, ապազինումէն առաջ Կազայէն դուրս չվերատեղակայուին:
Խաղաղութեան խորհուրդը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ հաւաքուած բոլոր զէնքերը ամբողջովին պիտի կազմաքանդուին, ինչ որ անոնց անգամ մը եւս օգտագործումը կ՛արգիլէ, մինչ Իսրայէլ կը պահպանէ «ինքնապաշտպանութեան իր ամբողջական իրաւունքը», ինչ որ կը ներառէ Համասի կողմէ «ահաբեկչութեան կամ բռնութեան» դիմելու կամ վերազինուելու որեւէ քայլ:
Հաղորդագրութիւնը նշեց, որ խորհուրդը Նեթանիահուին փոխանցած է, թէ Համաս խոստացած է ամբողջական կերպով զինաթափուիլ եւ անմիջապէս դադրեցնել Կազայի մէջ իր ամբողջ զինուորական գործունէութիւնը, որ կը ներառէ վերազինումն ու փապուղիներ փորելը:
Նեթանիահու ըսած է, թէ Իսրայէլ «պիտի յարգէ իր նախկին խոստումները, որոնք տակաւին չեն գործադրուած», եւ որոնք, խորհուրդին համաձայն, Միացեալ Նահանգներուն օգնած են իսրայէլացի բոլոր գերիներու ազատ արձակման եւ աճիւններու վերադարձին հասնելու:
Հաղորդագրութիւնը նաեւ նշեց, որ համաձայնութիւն գոյացած է անմիջապէս կազմելու աշխատանքային երկու միացեալ խումբեր. առաջինը` անվտանգութեան եւ Կազան ապազինելու, երկրորդը` հիմնական կարիքներու, կոյուղիի, մաքուր ջուրի եւ ընդհանուր առողջութեան հարցերու:
Աղբիւրներ «Աքսիոս» կայքին յայտնեցին, որ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարած Խաղաղութեան խորհուրդը Իսրայէլէն կ՛ուզէ, որ Կազայէն «ուժերու պատշաճ հեռացում» կատարէ, եթէ պաղեստինեան Համաս շարժումը սկսի զինաթափուիլ:
Խորհուրդը Համասէն կը պահանջէ, որ սկսի զէնքերը յանձնել, զինուորական ենթակառոյցը կազմաքանդել, Կազայի մէջ կայունութեան հաստատման համար միջազգային ուժերու տեղակայումը արտօնել եւ վերաշինութեան ու վերակառուցման համար գործակցիլ:
Ամերիկեան կայքը նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի փեսան, ամերիկացի բանագնաց Ճարետ Քուշները 16 օգոստոսին Եգիպտոսի մէջ հանդիպում ունեցած է երկրի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի եւ Համասի ներկայացուցիչներուն հետ` զանոնք զինաթափման խոստումները յարգել համոզելու, Կազայի մէջ իշխանութեան փորձագէտներու կառավարութեան փոխանցումը քննարկելու եւ երաշխաւորելու, թէ Համասը ապագայ Կազայի կառավարման մէջ որեւէ դեր պիտի չստանձնէ:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.