Որոնել

Հաիթիի մայրաքաղաքին մօտ գտնուող բլրային աւանի մը մէջ յանցագործ խմբաւորման յարձակում Հաիթիի մայրաքաղաքին մօտ գտնուող բլրային աւանի մը մէջ յանցագործ խմբաւորման յարձակում 

Հայիթիի մէջ զինեալ խմբաւորումներու բռնութեան նոր ալիք

Զինեալ խմբաւորումները ունին 10-15 հազար անդամներէ բաղկացած ուժ մը եւ ազդեցութիւն կամ վերահսկողութիւն կը բանեցնեն մայրաքաղաքի շուրջ 70-75 տոկոսին վրայ։ Հայիթիի ժողովուրդը այսօր կը կարօտի ոչ միայն անվտանգութեան, այլեւ միջազգային հետեւողական աջակցութեան՝ խաղաղութիւնը, մարդասիրական օգնութիւնը եւ ժողովրդավարական հաստատութիւնները վերականգնելու համար։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Հայիթիի մէջ զինեալ խմբաւորումներու բռնութիւնը կը շարունակէ խորացնել երկրին արդէն իսկ ծանր մարդասիրական ճգնաժամը։ Փորթ-օ-Փրենսի մօտ գտնուող Քենսքոֆի շրջանին մէջ վերջին յարձակումի մը հետեւանքով սպաննուած է առնուազն 47 անձ, իսկ 22 ուրիշներ վիրաւորուած են։

Կառավարութիւնը յարձակումը որակած է «դաժան յարձակում» եւ խոստացած է ամրապնդել անվտանգութեան միջոցները։ Սակայն տեղացիները, որոնք երկար ժամանակէ ի վեր կ՚ապրին բռնութեան եւ վախի պայմաններու մէջ, կը պահանջեն աւելի արդիւնաւէտ պաշտպանութիւն։

ՄԱԿ-ի տուեալներուն համաձայն՝ զինեալ խմբաւորումները կը վերահսկեն կամ ազդեցութիւն ունին մայրաքաղաք Փորթ-օ-Փրենսի տարածքին շուրջ 70-75 տոկոսին վրայ։ Բռնութիւններուն հետեւանքով շուրջ 1,5 միլիոն մարդ տեղահանուած է, որոնց մեծ մասը՝ կիներ, աղջիկներ եւ երեխաներ։

Առանձնապէս մտահոգիչ է մանուկներու վիճակը։ Զինեալ խմբաւորումներու կողմէ անչափահասներու զինագրումն ու օգտագործումը զգալիօրէն աճած է, մինչ սպաննուած կամ անդամահատուած երեխաներու թիւը գրեթէ կրկնապատկուած է։ Միաժամանակ, երկիրը կը պատրաստուի նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, որոնք նախատեսուած են Դեկտեմբեր 2026-ին, սակայն անոնց կայացումը մեծապէս կախուած պիտի ըլլայ երկրի անվտանգութեան վիճակէն։

Հայիթիի ժողովուրդը այսօր կը կարօտի ոչ միայն անվտանգութեան, այլեւ միջազգային հետեւողական աջակցութեան՝ խաղաղութիւնը, մարդասիրական օգնութիւնը եւ ժողովրդավարական հաստատութիւնները վերականգնելու համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

26/08/2026, 08:47