ARMENIA-RELIGION-POLITICS-TRIAL

Դատաւորը հրաժարած է քննել Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին դատը

Նիստի սկիզբին դատաւոր Յակոբ Մանուկեան յայտարարեց, որ դատը նախ պէտք է դռնփակ կերպով քննարկուի։ Ապա պարզուեցաւ, որ դատաւորը ինքնաբացարկ յայտնած եւ հրաժարած է գործը քննելէ։ Կողմերուն փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ դատաւորը նախկին ընթացքով առնչութիւն ունեցած էր փաստաբան Արա Զոհրաբեանի հետ, ինչ որ կրնար կասկածի տեղիք տալ։
Ունկնդրէ այս եւ օրուան այլ լուրերը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

7 Օգոստոսին Էջմիածինի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին եւ վեց բարձրաստիճան հոգեւորականներու դատավարութեան առաջին նիստը։ Անոնք կը մեղադրուին դատարանի որոշման գործադրութիւնը խոչընդոտելու մէջ՝ եկեղեցական ներքին հարցի մը առնչութեամբ։

Նիստի սկիզբին դատաւոր Յակոբ Մանուկեան յայտարարեց, որ դատը նախ պէտք է դռնփակ կերպով քննարկուի։ Ապա պարզուեցաւ, որ դատաւորը ինքնաբացարկ յայտնած եւ հրաժարած է գործը քննելէ։ Կողմերուն փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ դատաւորը նախկին ընթացքով առնչութիւն ունեցած էր փաստաբան Արա Զոհրաբեանի հետ, ինչ որ կրնար կասկածի տեղիք տալ։

Կաթողիկոսին դատարան ժամանելուն առիթով մեծ թիւով քաղաքացիներ, հոգեւորականներ, ընդդիմադիր քաղաքական գործիչներ եւ այլ աջակիցներ հաւաքուած էին դատարանի մօտ։ Անոնք դատավարութիւնը կը նկատեն պետութեան կողմէ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներքին գործերուն միջամտելու փորձ։

Դատական նիստէն ետք Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը հաւատացեալներու հետ միասին ուղղուեցաւ դէպի Մայր Տաճար, ուր կատարուեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն եւ միասնական աղօթք։ Իր պատգամին մէջ Վեհափառ Հայրապետը դատապարտեց եկեղեցւոյ հեղինակութիւնը վնասելու եւ անոր ինքնավարութիւնը սահմանափակելու փորձերը՝ շեշտելով, որ եկեղեցին հայ ժողովուրդի հոգեւոր եւ ազգային ինքնութեան կարեւորագոյն հիմնասիւններէն է։

Գարեգին Բ. կոչ ուղղեց հայ ժողովուրդին՝ մնալու սթափ, խոհեմ եւ միաբան, չտրուելու սադրանքներու եւ ատելութեան խօսոյթներու։ Ան նաեւ վերահաստատեց իր վճռականութիւնը՝ պաշտպանելու եկեղեցւոյ իրաւունքներն ու ինքնավարութիւնը եւ շարունակելու իր առաքելութիւնը՝ ի սպաս հայ ժողովուրդին եւ հայրենիքին։



Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

10/08/2026, 08:00