Օգոստոս 19՝ մարդասիրական օգնութեան համաշխարհային օր
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Ամէն տարի Օգոստոս 19-ին կը նշուի Մարդասիրական Օգնութեան Համաշխարհային Օրը՝ նուիրուած աշխարհի բոլոր մարդասիրական աշխատողներուն, որոնք ճգնաժամերու եւ արտակարգ իրավիճակներու պայմաններուն մէջ իրենց նուիրումով կը ծառայեն միլիոնաւոր մարդոց։
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին կողմէ 2008-ին հաստատուած այս օրը առաջին անգամ պաշտօնապէս նշուած է 2009-ին։ Անոր նպատակն է հանրային ուշադրութիւնը հրաւիրել պատերազմներէ եւ բնական աղէտներէ տուժած քաղաքացիական բնակչութեան իրավիճակին, ինչպէս նաեւ յարգանքի տուրք մատուցել մարդասիրական աշխատողներուն, որոնք յաճախ իրենց կեանքը վտանգելով օգնութեան կը հասնին կարիքաւորներուն։
Օգոստոս 19-ի ընտրութիւնը կապուած է 2003-ին Պաղտատի մէջ ՄԱԿ-ի «Canal Hotel»-ի դէմ կատարուած ահաբեկչական յարձակման հետ։ Այդ օրը 22 մարդ զոհուեցաւ, որոնց շարքին՝ ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Գերագոյն Յանձնակատար Սերժիօ Վիեյրա տը Մելլօ։ Յարձակումը դարձաւ միջազգային մարդասիրական համայնքին համար ահազանգ եւ կը նկատուի ՄԱԿ-ի պատմութեան ամենամահաբեր յարձակումներէն մէկը։
Մարդասիրական աշխատողները ճգնաժամային շրջաններու մէջ կը տրամադրեն բժշկական օգնութիւն, սնունդ, ջուր, ապաստան եւ պաշտպանութիւն։ Անոնց աշխատանքը կը հիմնուի մարդասիրութեան, անկողմնակալութեան, չէզոքութեան եւ անկախութեան սկզբունքներուն վրայ, սակայն անոնք յաճախ կը գտնուին կրակոցներու, անցակէտերու, առեւանգումներու եւ այլ վտանգներու առջեւ։
Վերջին տարիներուն մարդասիրական աշխատողներու դէմ յարձակումները զգալիօրէն աճած են։ 2025-ը արձանագրուած ամենամահաբեր տարին էր՝ աշխարհի տարածքին 1,180-էն աւելի մարդասիրական աշխատողներ ծանր յարձակումներու զոհ դառնալով։
2026-ի Մարդասիրական Օգնութեան Համաշխարհային Օրուան առիթով յատուկ ուշադրութեան կ՚արժանանայ նաեւ Գազայի իրավիճակը։ 2023-ի Հոկտեմբեր 7-էն ի վեր, ըստ ՄԱԿ-ի մարդասիրական հարցերու համակարգման գրասենեակի՝ OCHA-ի տուեալներուն, Գազայի մէջ շուրջ 596 մարդասիրական աշխատողներ սպաննուած են, որոնց մէջ՝ 407 տղամարդ եւ 189 կին։ Նոյն ժամանակաշրջանին զոհուած են նաեւ 1,700-էն աւելի առողջապահական աշխատողներ եւ 262 լրագրողներ ու լրատուամիջոցներու գործակիցներ։
Մարդասիրական աշխատանքի հիմնական մարտահրաւէրներէն մէկը օգնութեան հասանելիութիւնն է՝ հասնիլ ամենախոցելի բնակչութիւններուն, անկախ այն բանէն, թէ ո՛վ կը վերահսկէ տուեալ տարածքը։ Այս դժուարութիւնը յատկապէս մեծ է զինուած հակամարտութիւններու պայմաններուն մէջ, ուր մարդասիրական կազմակերպութիւնները ստիպուած են յաղթահարելու քաղաքական եւ անվտանգային բազմաթիւ սահմանափակումներ։
Այս տարուան ընթացքին աշխարհով մէկ շուրջ 300 միլիոն մարդ մարդասիրական օգնութեան կարիք պիտի ունենայ։ Միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւնները կը շարունակեն իրենց աշխատանքը՝ յատկապէս երեխաներու եւ անոնց իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ, նպատակ ունենալով ապահովել, որ ոչ մէկ երեխայ անտեսուած կամ օգնութենէ զրկուած մնայ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.