Քանդուած եկեղեցի Սուրիոյ մէջ Քանդուած եկեղեցի Սուրիոյ մէջ 

Օգոստոս 22՝ Կրօնքի կամ հաւատքի պատճառով բռնութեան ենթարկուածներու միջազգային օր

Օգոստոս 22-ը կը յիշատակէ Կրօնքի կամ հաւատքի պատճառով բռնութեան ենթարկուածներու միջազգային օրը։ Այս յիշատակի օրը կոչ մըն է պաշտպանելու կրօնի եւ խղճի ազատութիւնը եւ մերժելու այն ատելութիւնն ու անհանդուրժողականութիւնը, որոնք մարդիկը կը զրկեն իրենց հիմնարար ազատութենէն։

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Օգոստոս 22-ը Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ յատկացուած է կրօնի կամ հաւատքի պատճառով բռնութեան ենթարկուածներու յիշատակութեան։ Ըստ «Open Doors»-ի 2026-ի զեկոյցին՝ աշխարհի շուրջ 388 միլիոն քրիստոնեաներ կը դիմագրաւեն հալածանքի կամ խտրականութեան բարձր մակարդակներ, իսկ միայն մէկ տարուան ընթացքին 4,849 քրիստոնեաներ սպաննուած են, 3,632 եկեղեցիներ ու քրիստոնէական կառոյցներ յարձակման ենթարկուած, եւ 224,129 մարդիկ ստիպուած եղած են լքելու իրենց տուները կամ երկիրը։

Հալածանքը, սակայն, միայն ֆիզիքական բռնութիւնը չէ. ան կրնայ արտայայտուիլ նաեւ ձերբակալութիւններով, հսկողութեամբ, պաշտամունքի սահմանափակումներով եւ կրօնական հաւատքը հրապարակայնօրէն արտայայտելու արգելքներով։ Այս իրավիճակը կը վերաբերի ոչ միայն քրիստոնեաներուն, այլեւ աշխարհի տարբեր կրօնական համայնքներուն եւ կը սպառնայ մարդու հիմնական իրաւունքին՝ կրօնի եւ խղճի ազատութեան։

Օգոստոս 22-ի յիշատակի օրը կոչ մըն է չմոռնալու բռնութեան զոհերը եւ մերժելու ատելութեան ու անհանդուրժողականութեան տարածումը։ ՄԱԿ-ը կը շեշտէ, որ կրօնի ազատութիւնը կապուած է նաեւ խօսքի, խաղաղ հաւաքի եւ ընկերակցութեան ազատութիւններուն, իսկ իւրաքանչիւր վիճակագրական թիւի ետին կայ մարդ մը, որուն հիմնարար ազատութիւնը զրկուած է։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

22/08/2026, 10:47