Որոնել

Կազա, պատերազմ Կազա, պատերազմ  (AFP or licensors)

Կազայի Վերաբերեալ Թրքական, Փաքիստանեան, Յորդանանեան, Քաթարեան, Էմիրաթական, Սէուտական, Եգիպտական Եւ Ինտոնեզիական միացեալ հաղորդագրութիւն

Քաթարը, Յորդանանը, Ինտոնեզիան, Փաքիստանը, Թուրքիան, Սէուտական Արաբիան եւ Եգիպտոսը միացեալ հաղորդագրութեամբ դատապարտեցին Իսրայէլի գործողութիւնները Կազայի եւ Արեւմտեան Ափի մէջ՝ զգուշացնելով, որ անոնք կը վտանգեն զինադադարը եւ երկու պետութիւններու հիմամբ լուծման հեռանկարը։ Երկիրները նաեւ կոչ ուղղեցին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին՝ Իսրայէլը պարտաւորեցնելու յարգել միջազգային իր պարտաւորութիւնները, պատասխանատուները ենթարկելու հաշուետուութեան եւ մերժելու պաղեստինեան հողերու բռնակցման ու բնակչութեան տեղա

Քաթարը, Յորդանանը, Ինտոնեզիան, Փաքիստանը, Թուրքիան, Սէուտական Արաբիան եւ Եգիպտոսը միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեցին, որ Իսրայէլի ոտնձգութիւնները կ՛ականահարեն Կազայի համաձայնութիւնը` նշելով, որ Այսրյորդանանի մէջ Իսրայէլի ոտնձգութիւնները կ՛ականահարեն երկու պետութիւններու հիմամբ լուծումը:

Անոնք նաեւ յայտնեցին, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը պէտք է Իսրայէլին պարտադրէ յարգել իր յանձնառութիւնները եւ ոտնձգութիւններուն համար հաշուետուութեան ենթարկէ պատասխանատուները:

Ութ երկիրները շեշտեցին, որ կը մերժեն պաղեստինեան հողերը կցելու եւ պաղեստինցիները տեղահանելու փորձերը:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

07/08/2026, 07:42