Որոնել

Ֆրանսայի անտառային հրդեհներ Ֆրանսայի անտառային հրդեհներ 

Ֆրանսայի մէջ աւելի քան 400 մարդ ձերբակալուած է անտառային հրդեհներու առաջացման մասնակցելու կասկածանքով

Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար Լորան Նունիեսի յայտարարութեան համաձայն՝ ամրան սկիզբէն ի վեր երկրին մէջ տեղի ունեցած 14 000 հրդեհներու եւ 120 000 հեքթար տարածքի ոչնչացման առնչութեամբ ձերբակալուած է 402 մարդ, որոնցմէ 156-ը՝ անչափահաս։ Մինչ 16 շրջաններու մէջ կը շարունակէ գործել շոգի պատճառով «նարնջագոյն» աստիճանի վտանգը, Վարի շրջանին մէջ արդէն երկու շաբաթ մոլեգնող հրդեհը մարելու վրայ կ՛աշխատին 1000 հրշէջներ։

Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար Լորան Նունիես յայտարարած է, որ ամրան սկիզբէն ի վեր երկրին մէջ անտառային հրդեհներու բռնկման առնչութեամբ ձերբակալուած է 402 մարդ, որոնցմէ 156-ը՝ անչափահաս։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս» գործակալութիւնը։

«Այսօրուան դրութեամբ անվտանգութեան ուժերու աշխատակիցները դիտաւորեալ կամ անզգուշութեամբ պատճառուած հրկիզումներու առնչութեամբ ձերբակալած են 402 մարդ»,– ըսած է ան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։

Ներքին գործոց նախարարութեան տուեալներով՝ ամրան սկիզբէն ի վեր երկրին մէջ արձանագրուած է 14 000 հրդեհային բռնկում, իսկ հրդեհներուն հետեւանքով 120 000 հեքթար հողատարածք ոչնչացած է։

16 շրջաններու մէջ շոգին առնչուող օդերեւութաբանական վտանգի «նարնջագոյն» աստիճան կը գործէ։ Օդերեւութաբաններու տուեալներով՝ Ֆրանսայի մէջ բարձր ջերմաստիճանը պիտի պահպանուի մինչեւ Օգոստոս 7-ը։

Վարի շրջաններուն մէջ արդէն երկու շաբաթէ ի վեր հրդեհ կը մոլեգնի, որուն մարման աշխատանքները կը կատարեն 1000 հրշէջ։

Աղբիւրը՝ Արեւելք

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

06/08/2026, 08:08