Աղէտ Իսլամապատի մէջ. հիւանդանոցի հրդեհին հետեւանքով մահացած է 15 նորածին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
26 Օգոստոսի առտաւօտուն, Փաքիստանի Իսլամապատ քաղաքի «Pakistan Institute of Medical Sciences» (PIMS) հիւանդանոցին մէջ ծագած հրդեհի մը հետեւանքով 14 նորածին մահացած է։ Կրակը բռնկած է տեղական ժամանակով առաւօտեան ժամը 7-ի ատենները, մանկաբարձական բաժանմունքին մէջ։
Նախնական տուեալներով, հրդեհին պատճառը թերեւս օդափոխիչի ճնշակի (compressor) պայթիւնն է։ Աղէտի պահուն բաժանմունքին մէջ 16 նորածին կը գտնուէր. անոնցմէ մէկը փրկուած է, իսկ միւսներուն կեանքը փրկել կարելի չէ եղած։
Փրկարար խումբերը, ոստիկանութիւնն ու մասնագէտները արագօրէն միջամտած են եւ յաջողած՝ մարել կրակը։ Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շերիֆ իր ցաւակցութիւնը յայտնած է զոհերու ընտանիքներուն եւ անմիջական հետաքննութիւն հրամայած՝ հրդեհին պատճառները պարզելու համար։
Այս ողբերգութիւնը դարձեալ ուշադրութեան տակ կը բերէ Փաքիստանի շէնքերու ապահովութեան պայմանները, ուր հրդեհային ապահովութեան կանոններու թերի կիրարկումը անցեալին ալ պատճառ դարձած է ծանր արկածներու։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.