«Ռիմինիի Հանդիպումը» (Meeting di Rimini) կը վերանորոգէ Լեւոն ԺԴ. Պապին պատգամը
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Օգոստոս 26-ին Ռիմինիի մէջ իր աւարտին հասաւ «Ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան Հանդիպում»ի (Meeting per l’amicizia fra i popoli) 47-րդ հաւաքոյթը, որ ծնունդ առած է «Հաղորդութիւն եւ Ազատագրում» շարժումի նախաձեռնութեամբ եւ ամէն տարի ամառուայ շրջանին իտալիոյ ծովափեայ քաղաքին մէջ կը համախմբէ հազարաւոր երիտասարդներ որոնք իրենց մասնակցութիւնը հաւաքին որ մեծ տարածք մըն է` տարբեր մշակոյթներու, գաղափարներու եւ հաւատքի տէր անհատներու միջեւ երկխօսութեան համար։
Հաւաքին այս տարուայ բնաբանն էր՝ «Սէրը, որ կը շարժէ արեւն ու միւս աստղերը» (առնուած Տանթէի «Դրախտ» քերթուածէն)։ Սէրը արդարեւ ընտրուած էր որպէս կեդրոնական թեմա որ կը միացնէ տարբերութիւնները, յոյս կը ներշնչէ եւ մարդիկը կը մղէ հասարակութեան մէջ պատասխանատուութիւն ստանձնելու:
2026-ի հաւաքոյթին կեդրոնական պահը հանդիսացաւ Լեւոն ԺԴ. Պապին այցելութիւնը՝ Օգոստոս 22-ին: Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց «ընթացքը շրջել» եւ «երազներն ու տեսլականները վերարծարծել»՝ յիշեցնելով պատասխանատուութեան կարեւորութիւնը՝ պատերազմներու, անհաւասարութեան, աղքատութեան եւ բնապահպանական տագնապներու դիմաց: Ան նաեւ յորդորեց ընդդիմանալ արհեստագիտութեան քանդիչ գործածութեան եւ կերտել աւելի արդար յարաբերութիւններ:
«Հանդիպում» հիմնադրամի ատենապետ Պերնհարտ Շոլց ընդգծեց Պապին խօսքերուն կարեւորութիւնը՝ զանոնք որակելով երկխօսութեան եւ խաղաղութեան ուղղուած զօրաւոր հրաւէր մը: Ըստ Անոր, քաղաքականութիւնը եւս պէտք է աւելի մեծ պատասխանատուութիւն ստանձնէ խաղաղութեան որոնման մէջ:
«Հաղորդութիւն եւ Ազատագրում» եղբայրութեան ատենապետ Տաւիտէ Փրոսփերիի համար, Հանդիպումը ցոյց տուաւ, թէ ինչպէ՛ս յոյսը կրնայ իրական փորձառութիւն դառնալ տարբեր մարդոց, մշակոյթներու եւ կրօններու միջեւ հանդիպումին ընդմէջէն: Ան բացատրեց, որ Եկեղեցին պէտք է կարենայ երկխօսիլ այլազանութեան հետ՝ առանց հրաժարելու իր սեփական ինքնութենէն:
Այսպիսով, Հանդիպումը կը փակուի յոյսի, երկխօսութեան եւ պատասխանատուութեան պատգամով մը՝ եւ այն համոզումով, որ տարբեր մարդոց միջեւ հանդիպումը կրնայ նպաստել խաղաղութեան եւ միութեան կերտումին:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.