Յորդանանի Արեւմտեան Ափ․ կը շարունակուի Պաղեստինցիներու տուներուն դէմ Իսրայէլեան պաշարումը
Վատիկան Նիուզ – Հայկական բաժանմունք
«Ասիկա ահաբեկչական արարք է»։ Իսրայէլի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մայք Հաքապի այսպէս որակած է Արեւմտեան Ափի Նապլուս քաղաքէն հարաւ գտնուող Քուսրա գիւղին մէջ իսրայէլացի բնակիչներու կողմէ պաղեստինեան բնակարաններու պաշարումը։ Պաշարուած տուներու շարքին է նաեւ ԱՄՆ-ի քաղաքացիի մը պատկանող տունը։
«Այս ընտանիքը ահաբեկելու եւ հալածելու նպատակով այս սարսափելի ահաբեկչական արարքը կատարողներուն գործողութիւնները զզուելի են», — X-ի վրայ գրած է Հաքապի՝ աւելցնելով, որ «խուլիկանական վարքագիծին» համար որեւէ արդարացում չի կրնար ըլլալ։
Քանդուած են երկու դիրքեր
Գիշերուան ընթացքին, իսրայէլեան բանակն ու ոստիկանական ուժերը՝ նաեւ ԱՄՆ-ի դեսպանին պահանջով, քանդած են իսրայէլացի բնակիչներու երկու ապօրինի դիրքեր ճիշտ Քուսրա եւ Ժալուտ գիւղերուն մէջ, որոնք կառուցուած էին Պաղեստինեան Ինքնավարութեան ենթակայ տարածքին վրայ եւ այդ պատճառով ալ ապօրինի կը համարուէին։
Քանի մը օրէ ի վեր, Քուսրայի եւ շրջակայ տարածքներուն մէջ, իսրայէլացի բնակիչները արգիլած էին պաղեստինցի ընտանիքներուն օգտուիլ ջուրէ, ուտելիքէ եւ ելեկտրականութենէ՝ փորձելով այս ձեւով ամբողջական վերահսկողութիւն հաստատել տարածքին վրայ։
Բռնութիւնները աճման մէջ են
Միջազգային մամուլին կողմէ հրապարակուած եւ իսրայէլեան անվտանգութեան համակարգի աղբիւրներէ քաղուած տուեալներու համաձայն, 2026-ի առաջին վեց ամիսներուն ընթացքին Արեւմտեան Ափի մէջ արձանագրուած է բնակիչներու կողմէ պաղեստինցիներու դէմ իրականացուած «ազգայնական» բռնութեան 660 դէպք՝ 2025-ի նոյն ժամանակահատուածին արձանագրուած 405 դէպքի դիմաց։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.