Որոնել

Սէութա, գաղթականներ Սէութա, գաղթականներ 

Սէութա. գաղթականներու վերադարձը կը շարունակուի, զոհերուն թիւը կ'աւելնայ

Սէութայի մէջ կը շարունակուի Մարոքկօ վերադարձող գաղթականներու հոսքը, մինչ զոհերուն թիւը, ըստ որոշ աղբիւրներու, հասած է 71-ի, իսկ Սպանիա ծովային սահմանին վրայ նոր լողացող արգելապատնէշ տեղադրած է ապօրինի անցումները կանխելու համար։ Սպանիոյ թագաւոր Ֆիլիփէ Զ. յայտարարած է, թէ նման ողբերգական դէպքեր այլեւս պէտք չէ կրկնուին եւ կոչ ուղղած է ապահովելու մարդկային կեանքերու պաշտպանութիւնը։

Վատիկան Նիւզ - Հայկական Բաժանմունք

Սէութայի մէջ կացութիւնը տակաւին կը մնայ լարուած՝ յուլիս 30-ին եւ 31-ին Մարոքկոյէն դէպի սպանական անկլաւ տեղի ունեցած զանգուածային գաղթի ալիքէն ետք։ Անվտանգութեան ուժերուն մօտ կանգնած աղբիւրներու համաձայն, շուրջ 73.500 գաղթական վերադարձած է Մարոքկօ, իսկ զոհերուն թիւը հասած է 71-ի։ Սակայն Սպանիոյ Ներքին գործոց նախարարութիւնը չէ հաստատած այս թիւերը՝ շարունակելով յղում ընել պաշտօնական գնահատականին, ըստ որուն աւելի քան 48.300 մարդ վերադարձած է, մինչ Սէութա մտածներուն ընդհանուր թիւը կը գնահատուի 50.000-60.000ի միջեւ։

Սպանիոյ իշխանութիւնները, փորձելով կանխել նոր ապօրինի անցումները, Սէութան Մարոքկոյէն բաժնող ծովային սահմանին վրայ տեղադրած են լողացող արգելապատնէշ՝ բաղկացած լողակներէ եւ պողպատեայ մալուխներէ։ Այս միջոցառումը նպատակ ունի դժուարացնել լողալով սահմանը հատելը եւ ափ հասնիլը։

Սպանիոյ թագաւոր Ֆիլիփէ Զ. իրաւիճակին անդրադարձած է պաշտօնական հաղորդագրութեամբ՝ շեշտելով, թէ նման ողբերգական դէպքեր «այլեւս պէտք չէ կրկնուին»։ Ան յայտնած է, որ զարգացումները հետեւած է մեծ մտահոգութեամբ եւ վրդովմունքով՝ ընդգծելով, որ պետութիւնը պարտաւոր է ապահովել անվտանգութիւնը եւ կանխել մարդկային նոր կորուստներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

03/08/2026, 09:32