Որոնել

2022.04.21 logo World Council of Churches

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը մտահոգութիւն յայտնեց Հայաստանի Եկեղեցւոյ շուրջ ստեղծուած իրավիճակին մասին

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդէն յոյս կը յայտնեն եւ կ՛աղօթեն, որ ստեղծուած հակամարտութիւնը լուծուի այնպիսի ճամբով, որ պիտի նպաստէ ամբողջ հայ ժողովուրդի բարօրութեան եւ յառաջընթացին:
Ունկնդրէ լուրը

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը խոր մտահոգութիւն յայտնեց Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ շուրջ ստեղծուած ներկայ իրավիճակին գծով.

«Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը` իբրեւ եկեղեցիներու համաշխարհային եղբայրութիւն, կը վերահաստատէ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ առանցքային դերը հայ ժողովուրդի եւ համաքրիստոնէական ընտանիքի հոգեւոր, մշակութային պատմական կեանքին մէջ:

«Իբրեւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդ, մեր մտահոգութիւնը կը յայտնենք եկեղեցական ներքին գործերուն անհարկի միջամտութեան նկատմամբ», կը նշուի այս առիթով հրապարակուած յայտարարութեան մէջ:

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդէն յոյս կը յայտնեն եւ կ՛աղօթեն, որ ստեղծուած հակամարտութիւնը  լուծուի այնպիսի ճամբով, որ պիտի նպաստէ ամբողջ հայ ժողովուրդի բարօրութեան եւ յառաջընթացին:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

11/08/2026, 09:02